Հինգշաբթի, Յունիս 15ին, իր հովուապետական այցելութեան վերջին օրը, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. հայրապետը այցելեց Ջաւախքի հայաբնակ կարգ մը շրջաններ։ Սամցխէ-Ջաւախքի առաջնորդարանին մէջ զայն ողջունեց փոխառաջնորդ Բաբգէն աբղ. Սալբիյեան։ Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը ուղեւորուեցաւ դէպի Նինոծմինտա։ Քաղաքի մուտքին, հայ եւ վրաց եկեղեցիներու հովուապետները ողջունուեցան տեղւոյն ղեկավարութեան կողմէ, ապա քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը:
Ժողովուրդին հետ հանդիպումէն ետք, կաթողիկոսը այցելեց Խոճաբեկի Ս. Սարգիս հայկական եկեղեցին, ուր աղօթք կատարուեցաւ։
Այնուհետեւ, ի պատիւ Հայոց կաթողիկոսին, տեղւոյն իշխանութիւններուն կողմէ Նինոծմինտայի մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին վեհափառը օրհնութեան գիրեր շնորհեց մշակոյթի անուանի գործիչ Ժորա Սնխչեանին, գործարարներ Արամ Սանոսեանին ու Արման Ղարսլեանին։
Շքախումբը առաջնորդուեցաւ դէպի Վահան Տէրեանի ծննդավայր Գանձա գիւղ։ Ճամբու վրայ պատուիրակութիւնը կանգ առաւ Սաթխա գիւղի հերոսամարտի խաչքարին ու յիշատակի յուշարձանին մօտ։ Վեհափառը ծաղիկներ դրաւ յուշակոթողին առջեւ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք, ապա կաթողիկոսը իր պատգամը փոխանեց հարիւրաւոր հայերու։
Գանձա գիւղին մէջ, կաթողիկոսը նախ այցելեց Ս. Կարապետ հայկական եկեղեցին՝ իր օրհնութիւնը բերելով եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ համախմբուած ժողովուրդին, ապա հիւրընկալուեցաւ Վահան Տէրեանի անուան տուն-թանգարանին մէջ, ուր ողջոյնի խօսք արտասանեց թանգարանի տնօրէն Վաղարշակ Թանգամեան։
Ապա շարասիւնը ուղեւորուեցաւ դէպի Ծալկայի շրջան։ Այազմա գիւղին մէջ, հակառակ յորդառատ անձրեւին, կաթողիկոսը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն հայութեան եւ իշխանութիւններուն կողմէ։
Հանդիպումէն ետք վրացական Ժտանովական գիւղի սահմանակէտին մօտ, կաթողիկոսն ու Վրաստանի Իլիա Բ. կաթողիկոսը հրաժեշտ տուին իրարու, եւ Գարեգին Բ. հայրապետը իր շքախումբով վերադարձաւ Ս. Էջմիածին։