
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի նախագահութեամբ, կուսակցութեան կեդրոնական խորհուրդը նիստ գումարեց՝ քննելով ընտրութեանց արդիւնքը։ Կուսակցապետը դարձեալ ըսաւ, որ կարելի եղած է բարձրացնել երեսփոխաններուն թիւը, սակայն արդիւնքը սպասուածին չափ լաւ չէր: Ան ասպարէզ կարդաց կուսակցութեան ներքին ընդդիմադիրներուն, որոնք սկսած են խօսելու զինք փոխարինելու մասին, ըսելով, որ «եթէ անոնք յաջողին ընդհանուր ժողով մը կազմակերպել, ապա ես պատրաստ եմ հաշիւ ներկայացնելու»։ Նախկին կուսակցապետ Տենիզ Պայքալ եւ ուրիշներ կը պնդեն, թէ կուսակցութիւնը սխալ ըրաւ՝ ընդօրինակելով իշխող կուսակցութեան քաղաքականութիւնը, կորսնցնելով մեծ թիւով քուէներ: