
ԱՆԳԱՐԱ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական եւ սուրիական Կարմիր մահիկներէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Ուրբաթ, Յունիս 17ին Պոլսոյ մէջ հանդիպում մը ունեցած են։ Թրքական Կարմիր մահիկի ատենապետը յայտնած է, որ սուրիացի իր պաշտօնակիցը Թուրքիա ապաստանած սուրիացիներուն հոգատարութեան վերաբերեալ օժանդակութիւն առաջարկած է, սակայն թրքական կողմը մերժած է առաջարկը։
Սուրիական Կարմիր մահիկի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ՝ սուրիացի քաղաքացիներուն ցուցաբերած ծառայութեանց համար, եւ աւելցուցած, թէ քննարկուած է Սուրիա վերադառնալ փափաքողները իրենց բնակավայրերը վերադարձնելու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ՝ թրքական «Զաման» թերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Հինգշաբթի օր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի պատուիրակ Հասան Թուրքմանիի հետ իր հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կատարելու համար Սուրիոյ կառավարութեան առիթը կը սպառի։
Թրքական «Ճիւմհիւրիյէ»չ թերթը, իր կարգին, կը հաղորդէ, թէ Հալէպի կառավարիչը յայտնած է, որ Ճըսըր Շուղուրի մէջ 120 ոստիկաններու սպանութեան համար օգտագործուած զէնքերը Սուրիա մուտք գործած են Թուրքիայէն։