
ՊՈԼԻՍ, «Միլլիյէթ».- Թուրքիոյ նորընտիր խորհրդարանի երեք քիւրտ պատգամաւորներ դէմ արտայայտուած են խորհրդարանական երդման արարողութեան ընթացքին «Հաւատարիմ պիտի մնամ Աթաթուրքի սկզբունքներուն» եւ «Պատուովս կ՛երդուիմ փառապանծ թուրք ժողովուրդին առջեւ» նախադասութիւնները կարդալու գաղափարին՝ զանոնք «ցեղապաշտական» արտայայտութիւններ նկատելով: Քaրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավարութիւնը համաձայն չէ այս պատգամաւորներու կեցուածքին՝ պնդելով, թէ նման կեցուածք անտեղի ճգնաժամ պիտի պատճառէ: