ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու

յայտարարած է, որ իր կուսակցութիւնը պատրաստ է հայկական կողմին հետ առանց որեւէ նախապայմանի բանակցելու։
Օրաթերթը կը գրէ, որ Քըլըչտարօղլու եւ կուսակցութեան փոխնախագահ Օսման Քորութուրք ամերիկացի եւ թուրք լրագրողներու հետ ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին խօսած են շարք մը հարցերու մասին, որոնց շարքին՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մասին։
Պատասխանելով ամերիկացի լրագրողի մը այն նշումին, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան մօտեցումը չի տարբերիր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան քաղաքականութենէն, որոովհետեւ երկուքն ալ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար իբրեւ նախապայման կը նշեն հայկական զօրքերու Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացման հարցը, Քըլըչտարօղլու ըսած է. «Մենք պատրաստ ենք հայերուն հետ բանակցելու՝ առանց նախապայմաններու»։ Ան ընդգծած է, որ ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ինք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ համաձայն է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ունեցած դիրքորոշման։
Կուսակցութեան փոխնախագահ Օսման Քորութուրք իր կարգին հաստատած է, թէ իրենք ղարաբաղեան հիմնախնդիրը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին նախապայման չեն նկատեր։ «Մեր ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան միջեւ տարբերութիւնն այն է, որ մենք զօրքերու հնարաւոր դուրսբերումը կը նկատենք իբրեւ բարի կամեցողութեան քայլ, եւ ոչ թէ նախապայման», ըսած է ան։