
ՔԱԶԱՆ.- Յունիս 24ին, Քազանի մէջ կայացաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպումը՝ նախ միայն նախագահական մակարդակով, ապա նախագահներուն միացան երեք երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները:
Այս հանդիպումին որեւէ փաստաթուղթ չստորագրուեցաւ: Այսուհանդերձ, երեք նախագահները հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուի.
«Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահները հանդիպեցան 2011 թուականի Յունիս 24ին, Քազանի մէջ եւ քննարկեցին երեք նախագահներու յանձնարարութեամբ՝ ղարաբաղեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու նախագիծերը համաձայնեցնելու նպատակով ձեռնարկուած աշխատանքներու ընթացքը:
«Երեք երկիրներու ղեկավարները արձանագրեցին, որ շարք մը հարցերու մէջ հասած են փոխըմբռնման, որոնց լուծումը կը նպաստէ հիմնարար սկզբունքներուն հաւանութիւն տալու համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելուն:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները շնորհակալութիւն յայտնեցին Ռուսիոյ, ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի նախագահներու ներկայացուցիչներուն՝ յանձինս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին, ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման հարցին անոնց ցուցաբերած մշտական ուշադրութեան համար եւ բարձր գնահատեցին Ռուսիոյ նախագահի մասնակցութիւնը՝ պայմանաւորուածութեան հասնելու գործընթացին աջակցելու համար»: