ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 24 Յունիսին, կառավարութեան նիստերի դահլիճին մէջ, հանդիսաւոր նիստով բացումը կատարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովին:
Դաշնակցութեան բարձրագոյն այս Ժողովին ներկայ էին կուսակցութեան Հայաստանեան եւ սփիւռքեան կառոյցներէն ընտրուած պատգամաւորներ, այլ կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ, որոնց շարքին «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Ժողովի բացումը կատարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որմէ ետք անցեալ երեք տարիներու կուսակցութեան գործունէութիւնը ներկայացնող ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: (Խմբագրական սիւնակով կը ներկայացնենք Մարգարեանի ելոյթի բնագիրը՝ ամբողջութեամբ):