ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր նիստով մը բացումը կատարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 31րդ Ընդհանուր Ժողովին: Վերջին տասնամեակին արդէն իբրեւ նոր աւանդութիւն, ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովները թօթափած են իրենց վրայէն գաղտնապահութեան ծալքերէն առնուազն մէկը՝ գումարման թուականը:
Անցեալին, Ընդհանուր Ժողովներու վայրն ու թուականը չէին հրապարակուեր, մասնակիցներն ալ ամէնէն անուղղակի ճանապարհներով կը հասնէին ժողովավայր եւ միջին հաշուով երկու շաբաթ կ՛անջատուէին իրենց շրջապատէն ու ամբողջութեամբ կը խորանային կուսակցութեան նախորդ քառամեակի գործունէութեան էական քննութեան եւ նոր քառամեակի համար ռազմավարական ճշրգտումներու, լրամշակումներու կամ ամբողջական վերանայման:
Ժողովի վայրը այլեւս միշտ յայտնի է. Հայաստան: Վերջին շրջանին ժողովները աւելի կարճատեւ դարձնելու կազմակերպուած ճիգ թափուած է, գլխաւորաբար առաւել արդիւնաւէտ նախապտարատական աշխատանքներու վրայ վստահելով: Հիմա Ժողովներու տեւողութիւնը կը նախատեսուի 7-10 օր:
Անկախ Հայաստանի մէջ ՀՅԴն կրնա՞յ իր Ընդհանուր Ժողովները առաւել բաց ու թափանցիկ դարձնել: Թաքուն ու գաղտնի ժողովներու անպայմանօրէն դաւադրական յատկանիշներ կը տրուին մրցակից կամ հակառակորդ ուժերու կողմէ, իսկ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը սեփական ժողովուրդէն ոչ մէկ բան ունի թաքցնելու:
Այսուհանդերձ, Ընդհանուր Ժողովները կը գումարուին փակ սրահներու մէջ՝ ինչպէս կուսակցական գործիչ մը կը պարզաբանէր, գլխաւորաբար Ժողովի մասնակիցներուն ազատ, անկաշկանդ արտայայտուելու, քննարկումները արդիւնաւէտ դարձնելու մտահոգութեամբ:
Յամենայնդէպս, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ պատասխանատու դերակատարութիւն ունեցող կուսակցութեան մը Բարձրագոյն Ժողովն է, որ կը գումարուի այս օրերուն, Ժողով մը, որուն որոշումները գործադրելու յանձնառու են հազարաւոր Դաշնակցականներ ու համակիրներ: