Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ընդհանուր զգայազրկումը (general anesthesia) ժամանակաւոր անգիտակցութեան վիճակ մըն է եւ

մարմնական շատ մը պաշտպանողական հակադարձութիւններու ու անդրադարձումներու (reflex) կորուստն է: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան զգայազրկիչ (anesthetic ) դեղերու գործածութեամբ:
Այս զգայազրկիչ դեղերը կը յառաջացնեն զանազան աստիճանի հետեւեալ բնախօսական (physiologic) վիճակները՝
Ա. Քնոտութիւն (hypnosis).
Բ. Յիշողութեան կորուստ (amnesia).
Գ. Ցաւի զգացումի անհետացում (analgesia).
Դ. Մկաններու թուլութիւն (relaxation).
Ե. Մարմնական հակադարձութիւններու կորուստ:
Ընդհանուր զգայազրկումը կ՛իրականանայ տեսակաւոր զգայազրկիչ դեղերու միացեալ գործածութեամբ: Ան կը կիրարկուի մասնագէտ բժիշկի մը կողմէ, որ կը կոչուի զգայազրկող բժիշկ (anesthetist).
Զգայազրկիչ դեղերը կը կիրարկուին զանազան ուղիներով-ձեւերով՝ ներերակային, ներմկանային, ներշնչումի (inhalation) եւ նախաղիի-ներդրումի (suppository) միջոցներով: Ներերակային եւ շնչարական ճամբով ներարկուած զգայազրկիչ դեղերը կը գործեն շատ արագ: Անոնք արեան շրջագայութեան մէջ մտնելով կը հասնին ուղեղ եւ ջղային դրութեան այլ կեդրոնները 10-20 երկվայրկեանի մէջ ու կը մատնեն հիւանդը անգիտակից վիճակի:
Զգայազրկիչ դեղերը ունին մէկ հիմնական յատկութիւն. անոնց կասեցումով հիւանդը կը վերադառնայ իր բնական եւ ամբողջական բնախօսական վիճակին: Անոնք ոչ մէկ հետք պէտք չէ ձգեն եւ կամ ոչ մէկ կողմնակի բարդութիւններ պէտք չէ ստեղծեն հիւանդին մօտ:
Յաճախ զգայազրկիչ դեղերուն հետ հիւանդին կը ներարկուին նաեւ, ըստ պահանջքի, հակամանրէական, հակագերզգայնութեան եւ հակազարկերակային ճնշումի դեղեր, ինչպէս նաեւ «քորթիզոն» (Cortison):
Ընդհանուր զգայազրկումը կը կիրարկուի շատ մը վիրաբուժական գործողութիւններու ընթացքին: Առանց անոր հաւանաբար վիրաբուժներ պիտի չկարենային կատարել բարդ եւ խրդին գործողութիւններ:
Զգայազրկումէ առաջ հիւանդը իր ամբողջ ազատութեամբ եւ որոշումով պէտք է արտօնէ զգայազրկող բժիշկին եւ վիրաբուժին իր վրայ զգայազրկումի կիրարկումը:
Զգայազրկումէ նուազագոյնը 12 ժամ առաջ հիւանդը պէտք է դադրի ուտելէ, այսինքն՝ ան պէտք է մնայ անօթի, որպէսզի իր ստամոքսը պարապ մնայ եւ փսխելու կարելիութիւնը նուազի:
Որեւէ մէկ վիրաբուժական գործողութենէ առաջ եւ ընդհանուր զգայազրկումը սկսելէ առաջ, զգայազրկող բժիշկը կը կատարէ շարք մը աշխատանքներ.-
Ա. Կը սերտէ հիւանդին թղթածրարը եւ կը քննէ հիւանդը, գիտնալու համար անոր սիրտին, ակռաներուն, բերանի, քիթի եւ շնչարական համակարգի իրավիճակները ինչպէս նաեւ անոր ալքոլի գործածութեան տարողութիւնը: Այս բոլորէն ետք ան կ՛որոշէ՝
ա. Զգայազրկումի գործընթացքը,
բ. Գործածուելիք զգայազրկիչ դեղերու տեսակը եւ քանակաչափը,
գ. Դեղերու միացեալ-խառն գործածութիւնը,
դ. Զգայազրկումի տեւողութիւնը,
ե. Ներփողարկումի (intubation) գործածուելիք կերպնկալ (plastic) խողովակին չափը:
Բ. Կը տեղեկանայ հիւանդին գործածած բոլոր դեղերուն, մանաւանդ՝ այն դեղերուն, որոնք կրնան փոխազդեցոթիւն (interact) ունենալ տրուելիք զգայազրկումի դեղերուն հետ:
Զգայազրկող բժիշկը ընդհանուր զգայազրկումը կը սկսի կիրարկելով հետեւեալ գործընթացքը՝
Ա. Հիւանդին կը ներարկէ նախազգայազրկումի դեղեր (premedication), որոնք կ՛ամբողջացնեն զգայազրկիչ դեղերու բնախօսական ազդեցութիւններն ու պարտականութիւնները.
Բ. Հիւանդին արմուկին եւ կամ ձեռքին կը տեղադրէ ներերակային բնախօսական հեղուկը (infusion), որուն ընդմէջէն կը ներարկէ զգայազրկումի դեղերը.
Գ. Կը կատարէ բերանային կամ քթային ներփողարկում՝ ներմուղելով (insert) կերպնկալ խողովակ մը դէպի շնչափող.
Դ. Կը միացնէ կերպնկալ խողովակը արհեստական շնչառական կազմածին, որուն միջոցաւ հիւանդին կը ներմուծէ թթուածին եւ ազոտի թթուուկի (nitrous oxide) խարնուրդը.
Ե. Լրջօրէն եւ շարունակաբար կը հետեւի հիւանդին շնչառութեան, անոր տրուած թթուածինի քանակին, զարկերակային ճնշումին եւ սրտի զարկի արագութեան ու կանոնաւորութեան:
Ընդհանուր զգայազրկումը կ՛իրականանայ չորս հանգրուաններով՝
Ա. Առաջին հանգրուան, որ կը կոչուի՝ ընդհանուր զգայազրկումի սկզբնաւորութիւն (induction stage): Այս հանգրուանը կը սկսի զգայազրկումի դեղերու ներարկումով: Անիկա անգիտակցութեան սկզբնաւորութիւնն է: Հիւանդը կամաց-կամաց կը կորսնցնէ իր գիտակցութիւնը եւ յիշողութիւնը ու կը դառնայ ցաւազուրկ.
Բ. Երկրորդ հանգրուան, որ կը կոչուի գրգռութեան հանգրուան (excitement stage): Հիւանդը կը զառանցէ եւ կը դառնայ ամբողջովին անգիտակից ու անհանդարտ-գրգռուած: Ան կ՛ունենայ մկանային ակամայ շարժումներ, փսխունք, աչքի բիբերու առաւել բացուածք եւ անկանոն սրտի զարկ ու անկանոն շնչառութիւն: Այս հանգրուանի վերջաւորութեան աւելի մեծ քանակութեամբ զգայազրկումի դեղեր կը ներարկուին սանձելու համար հիւանդին մկանային ակամայ շարժումները եւ պռկումները: Հոս կը սկսի երրորդ հանգրուանը.
Գ. Երրորդ հանգրուան, որ կը կոչուի վիրաբուժումի-վիրահատումի հանգրուան: Այս հանգրուանին մարմինի բոլոր մկանները կը թուլնան եւ անդամալոյծ վիճակ մը կ՛ունենան: Հիւանդին շնչառութիւնը կը կանոնաւորուի եւ աչքի շարժումները կը դանդաղին: Հոս է, որ վիրաբուժը կը սկսի վիրահատումի: Այս հանգրուանը ունի իր 4 ենթահանգրուանները՝
ա. Առաջին ենթահանգրուան, ուր աչքերը նախ երերուն (rolling) վիճակ մը կ՛ունենան եւ ապա կ՛անշարժանան (fixed).
բ. Երկրորդ ենթահանգրուան, ուր եղջերիկը (cornea) եւ խռչափողը կը կորսնցնեն իրենց զգայնոտութիւնը (sensitivity) եւ հակադարձութիւնը (reflex).
գ. Երրորդ ենթահանգրուան, ուր աչքերու բիբերը ալ աւելի կը բացուին եւ աչքերու լոյսի զգայնոտութիւնն ու հակադարձութիւնը կը կորսուին.
դ. Չորրորդ ենթահանգրուան, ուր հիւանդին կրծքավանդակի մկանները ամբողջովին կանդամալուծուին, շնչառութիւնը կը դանդաղի եւ տեղի կ՛ունենայ միայն փորի շնչառութիւն:
Դ. Չորրորդ հանգրուան, որ կը կոչուի յաւելեալ դեղաքանակի հանգրուան (overdose stage): Հոս հիւանդին կը ներարկուի մեծ քանակութեամբ զգայազրկիչ դեղեր, որոնք կը յառաջացնեն ուղեղի, ուղեղաբունի (brain stem) եւ ողնուղեղի (medulla) ընկճուածութիւն (depression): Այս բոլորին հետեւանքով հիւանդը կ՛ենթարկուի հետեւեալ բնախօսական փոփոխութիւններուն՝ շնչառութեան յաւելեալ դանդաղում եւ սրտանօթային համակարգի դանդաղում: Այս հանգրուանը կրնայ դառնալ վտանգաւոր եթէ զգայազրկող բժիշկը չկիրարկէ շնչառական եւ սրտանօթային օգնութիւն:
Զգայազրկող բժիշկը զգայազրկումի ամբողջ տեւողութեան կը հսկէ եւ կը հետեւի (monitoring) հիւանդին առողջական վիճակին, այլ խօսքով կը հետեւի եւ կը հսկէ հիւանդին՝
Ա. Սիրտի գործելակերպին, սրտի զարկին եւ սրտագրութեան (EKG).
Բ. Սրտանօթային իրադառձութիւններուն.
Գ. Ներմուծուած թթուածինի քանակաչափին.
Դ. Զարկերակային ճնշումին.
Ե . Ներարկուած դեղերու քանակին եւ ներարկումի արագութեան.
Զ. Արտաշնչուած ածխածնի երկօքսիտի (CO2) քանակաչափին.
Է. æերմութեան:
Վիրահատութեան վերջաւորութեան հիւանդը պէտք է զգայազրկումէ դուրս գայ, այսինքն՝ վերատիրանայ իր գիտակցութեան եւ քնացած վիճակէն վերադառնայ արթնութեան: Այս գործընթացը կը կոչուի վերակենդանացում (recovery):
Վերակենդանացումը կ՛ըլլայ հետեւեալ գործընթացով՝
Ա. Զգայազրկող բժիշկը կամաց-կամաց կը նուազենցնէ ներարկուած զգայազրկիչ դեղերու քանակը.
Բ. Հիւանդին կը ներարկուի որոշ դեղեր, որպէսզի մարմինի մկանները վերագտնեն իրենց բնական վիճակը եւ գործեն բնականօրէն, այսինքն՝ պրկուին, կծկուին եւ շարժին ազատօրէն.
Գ. Հիւանդին կը ներարկուին ցաւաբեկ դեղեր, որպէսզի առանց ցաւի արթննայ.
Դ. Դուրս կը բերուի հիւանդին ներփողարկումի կերպնկալ խողովակը.
Ե. Զգայազրկող բժիշկը հիւանդին բերանի, կոկորդի եւ քիթի խլնահեղուկները (mucous secretions) կ՛արտահանէ ծծիչ մեքենայով (suction machine):
Այս բոլորէն ետք հիւանդը կը սկսի ինքնաբերաբար շնչել, կը վերագտնէ իր գիտակցութիւնը եւ կ՛արթննայ: Սակայն հոս հիւանդը կրնայ ունենալ շնչառական դժուարութիւն, հետեւաբար զգայազրկող բժիշկը շուտով հիւանդին քիթէն եւ բերնէն թթուածին կը ներարակէ:
Վերակենդանացման ընթացքին հիւանդը կրնայ ունենալ մարմնական որոշ իրադարձութիւններ, ինչպէս՝ ժամանակաւոր զառանցում, մտային շփոթութիւն, անհասկնալի եւ տկար խօսակցութիւն, թող, փսխունք, նողկանք, կոկորդի ցաւ, սիրտի զարկի խանգարում եւ շնչահեղձութիւն:
Վերակենդանացումի ժամկէտը կ՛որոշուի վիրաբուժին եւ զգայազրկող բժիշկին փոխադարձ համաձայնութեամբ եւ խորհրդածութեամբ:
Ընդհանուր զգայազրկումի ընթացքին կրնան պատահիլ որոշ բարդութիւններ: Անոնց յաճախականութիւնը 1/10000-1/100000 է:
Այս բարդութիւններուն կարեւորագոյններն են՝
Ա. Սրտի կաթուած (myocardial infarction) եւ ուղեղային կաթուած (stroke).
Բ. Թոքերու բորբոքում եւ ջերմութեան բարձրացում.
Գ. Ենթաջերմութիւն (hypothermia).
Դ. Գլխապտոյտ եւ գլխացաւ.
Ե. Ձայնի խռպոտութիւն եւ շնչահեղձութիւն, որոնք հետեւանքն են դժուար ներփողարկումի: Այս դժուարութիւնը կը պատահի այն հիւանդներուն մօտ, որոնք ունին՝
ա. Պզտիկ բերան,
բ. Կարճ վիզ,
գ. Վատառողջ ակռաներ,
դ. Բերնի վէրքեր,
ե. Կզակի յետադարձութիւն (ret-rognethia)
Զգայազրկումի բարդութիւնները աւելի շատ կը պատահին՝
Ա. Ալքոլամոլներու.
Բ. Սիկարէթ ծխողներու.
Գ. Տարեցներու.
Դ. Սիրտի հիւանդութիւններ ունեցողնրու.
Ե. Երիկամի աշխատանքի վատթարացում ունեցողներու.
Զ. Զգայազրկիչ դեղերու գերզգայնութիւն ունեցողներու.
Է. Գէրերու.
Ը. Քունի շնչադադար ունեցողներու: