
Արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի համացանցային կայքէն կ՛իմանանք, թէ 1985ին առաջին անգամ ըլլալով Լոս Անճելըսի մէջ հայերէնով բեմադրուած անոր «Վարդագոյն Փիղը» թատերգութիւնը յունարէնի թարգմանուած է եւ Աթէնքի մէջ պիտի բեմադրուի Յունիս 25-27ին, «Իաքավոս Քամփանելիս» թատրասրահին մէջ:
Թատերգութեան անգլերէն թարգմանութիւնը բեմ բարձրացած է նաեւ Անգլիոյ, Սկովտիոյ եւ Սաքրամենթոյի մէջ: