
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանի աշակերտներէն ոմանք վերջերս մասնակցած են տարբեր մրցանքներու եւ արժանացած են կարեւոր մրցանակներու։ Մրցանքներու մասնակցութիւնն իսկ կարեւոր նուաճում մըն է մեր աշակերտներուն համար. փորձառութիւն ձեռք ձգելու կողքին, անոնց ինքնավստահութիւնը կ՛ամրապնդուի եւ եթէ նոյնիսկ անոնք չ՛արժանանան առաջնակարգ դիրքերուն, ապա մասնակցութիւնը խթան կը հանդիսանայ, որ բարելաւուին եւ յաջորդ մրցանքներուն աւելի լաւ պատրաստուելով մասնակցին։ Ահաւասիկ խումբ մը աշակերտներ, որոնք տարբեր մրցանքներու մասնակցելով փայլուն արդիւնքներու արժանացած են։
Մեր աշակերտուհիներէն Մելինէ Թոփճեանը հանդիսացած է առաջին՝ ՀՕՄի կազմակերպած հայկական վարժարաններու աշակերտներուն միջեւ կայացած շարադրական մրցանքին։ Սոյն մրցանքը կազմակերպուած էր անցեալ տարեշրջանին՝ ՀՕՄի 100ամեակի տօնակատարութեանց ծիրէն ներս։ Մելինէն մրցանքին մասնակցող հայկական վարժարաններուն Է. կարգի աշակերտներուն մէջ շահած է առաջին մրցանակը։ Շարադրական նիւթը մարտահրաւէր մըն էր աշակերտներուն, թէ ապագային ինչ ձեւերով կրնան օգտակար հանդիսանալ իրենց ազգին եւ հայրենիքին։
Երկրորդ նուաճումը, մեր Է. կարգի աշակերտներէն Ճորճ Խապպազինն է։ Ճորճը մասնակցած էր Ամերիկայի հայ գիտնականներու եւ ճարտարագէտներու գիտական մրցանքին, բնագիտական բաժանմունքին եւ իր աշխատանք-ուսումնասիրութիւնը արժանացած էր երկրորդ մրցանակին, ստանալով 250 տոլարի պարգեւ մը։ Կ՛արժէ նշել, որ Ճորճը անցեալ տարի սոյն մրցանքին մասնակցելով արժանացած էր առաջին մրցանակին։

Ինչպէս վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին, այս տարի եւս մեր աշակերտներէն խումբ մը մասնակցեցան «Armenian Allied Art Association»ի կազմակերպած շարադրական եւ գծագրական մրցանքներուն, առաջին եւ երկրորդ դիրքերու արժանանալով։
Շարադրական անգլերէն բաժինի բարձրագոյն՝ «Մելքոն» մրցանքին առաջին հանդիսանալով, Ը. կարգի աշակերտուհի Դալար Մաթոսեան, ստացաւ նաեւ նիւթական պարգեւ մը՝ 250 տոլար։ Դարձեալ տարիքի նոյն բաժանմունքին մէջ, անգլերէն բաժինի շարադրական մրցանքին առաջին հանդիսացաւ Ը. կարգի աշակերտուհի Քրիստին Քէշիշեանը։ Պատանիներուն բաժանմունքի հայերէն շարադրական բաժինի մրցանքին առաջին եւ երկրորդ հանդիսացաւ Ը. կարգի աշակերտուհիներէն Մելինէ Թոփճեանը, որ մասնակցած էր արձակ երկու գրութիւններով, իսկ պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Ը. կարգի աշակերտ Ճերարտ Վարդանեանն ու Է. կարգի աշակերտ Պերճ Գայալեանը, որոնք մասնակցած էին իրենց անգլերէն ոտանաւորներով։ Փոքրերու բաժանմունքին հայերէն բաժինի շարադրական մրցանքին առաջին հանդիսացաւ Զ. կարգի աշակերտուհի Մեղեդի Մանոյեանը։ Գծագրութեան մրցանքին պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Ը. կարգէն հետեւեալ աշակերտները՝ Սամսոն Քէշիշեան, Քրիստափոր Խաչատուր, Սիւզի Սաշոյեան եւ Ալէքս Ճանսըզեան։
Կ՛արժէ նաեւ նշել, որ վերոյիշեալ Ը. կարգի աշակերտուհիներէն Քրիստին Քէշիշեանը մասնակցած էր իր ոտանաւորներով Նիւ Եորքի Հայ աշակերտական միութեան կազմակերպած Արթիւր Հելվաճեանի անուան շարադրական մրցանքին եւ հանդիսացած է առաջին՝ պատանիներու բաժանմունքին մէջ։
Վարժարանիս տնօրէնութեան ու աշակերտութեան համար մեծ հպարտութիւն կը պատճառէ մեր աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւնները։ Յոյսով ենք, որ բոլորն ալ կ՛արժանանան աւելի բարձր մրցանակներու եւ իրենց յաջողութիւններով պատիւ կը բերեն իրենց ընտանիքներուն եւ հայ ազգին։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)