ԵՐԵՒԱՆ, «Նովըսթի-Արմէնիա».– Յունիս 24ին ՀՅԴ 31րդ ընդհանուր ժողովի բացումէն առաջ լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, թէ ՀՅԴ ինքնուրոյն պիտի մասնակցի 2013ի նախագահական ընտրութիւններուն։
«Մենք բոլոր ընտրութիւններին ինքնուրոյն ենք գնում՝ առանձին մասնակցութեան տրամաբանութեամբ», ըսաւ Ռուստամեան։
Անոր խօսքերով՝ ընդհանուր ժողովի ընթացքին այս հարցը պիտի չքննարկուի, քանի որ նմանատիպ հարցերը մեծ մասամբ կը քննարկէ Հայաստանի մէջ կուսակցութեան գերագոյն մարմինը: