ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 24ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան պաշտօնատարներէն բժիշկ Էդուարդ Թորոմանեան նշեց, թէ Հայաստանի մէջ շաքարախտով տառաողներու թիւը 50 հազար է, որոնց տասը հազարը ինսուլին ստացող հիւանդներ են: Հայաստանի մէջ հիւանդներուն ինսուլինը կը տրամադրուի անվճար, իսկ պահանջուած դեղահատերը անվճար կը տրամադրուին արժէքի 30 տոկոսով:
Է. Թորոմանեան նշեց, որ նախորդ տարիներուն համեմատ շաքարախտով հիւանդներու թիւը աւելցած է ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ ամբողջ աշխարհի: Թորոմանեան նկատեց, որ կը նկատուի հիւանդութեան երիտասարդացում: Աւելցած է շաքարախտով հիւանդ երիտասարդներուն թիւը: