ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Պաշտպանութեան բանակի լրատւութեան բաժինը տարածած է հաղորդագրութիւն, ուր կը հերքէ լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած այն լուրը, թէ չորս հայ զինուորներ գերի վերցուած են ատրպեճանական հետախոյզներու կողմէ:
«Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու հերթական հանդիպման նախօրէին, իրավիճակը կը փորձեն սրել եւ ապակողմնորոշել միջազգային հանրութեան ոչ միայն ատրպեճանական, այլ նաեւ հայկական որոշ անպատասխանատու լրատուամիջոցներ:
«Մասնաւորապէս, համացանցային շարք մը կայքերու մէջ տարածուած է բացայայտ ապատեղեկատւութիւն, ըստ որուն, իբր, ՊԲ զօրամասերէն մէկուն զինուորական չորս ծառայողներ գերի վերցուած են ատրպեճանական հետախոյզներու կողմէն:
«Կը փաստենք, որ նշուած հաղորդագրութիւնը ակնյայտ կեղծ եւ անհիմն յերիւրանք է:
«ՊԲ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ստորաբաժանումները վստահօրէն կը վերահսկեն հրադադարի պահպանումը եւ չեն ենթարկուիր սադրանքներու», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: