ԵՐԵՒԱՆ, «Նովըսթի-Արմէնիա».- Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Կազմակերպութեան (ՀԵՀԵԿ) հաղորդագրութեան համաձայն՝ շուրջ 150 երիտասարդներ աշխարհի 30 երկիրներէ պիտի մասնակցին ՀԵՀԵԿի երկրորդ պատգամաւորական ժողովին, որ պիտի գումարուի Հայաստանի մէջ՝ Յուլիս 7-10ի ընթացքին։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ կազմակերպութեան ժողովը պիտի գումարուի Էջմիածնի եւ Ծաղկաձորի մէջ՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ:
ՀԵՀԵԿը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հովանիի տակ գործող կառոյց է, որ կը համակարգէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ երիտասարդութեան հետ իրականացուող գործունէութիւնը: