ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայ ազգային կոնգրեսի (ՀԱԿ) համակարգող Լեւոն Զուրաբեան Յունիս 24ին կայացած ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան պիտի պատասխանէ Յունիս 30ի ՀԱԿ հանրահաւաքին:
Զուրաբեան ներկայացուց իշխանութիւններուն ուղղուած վեց կէտերէ բաղկացած կոչը, ուր կը պահանջուի դադրեցնել ՀԱԿ տեղեկատուական շրջափակումը, հանրահաւաքներու փոխադրամիջոցներու շրջափակումը, ինչպէս նաեւ կասեցնել «ոստիկանութեան ու Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ ՀԱԿ եւ իշխանութիւններու երկխօսութեան մասին կեղծ լուրերու տարածումը»:
Կոչին մէջ նաեւ կը նշուի, որ իշխանութիւնները թերի քայլերէն պէտք է անցնին բանակցութիւններու ամբողջական փաթեթի ձեւաւորման, որ երկխօսութիւնը չի կրնար երկար տեւել եւ, որ «երկխօսութեան միակ արդիւնքը կարող են լինել համակարգային փոփոխութիւնները, որոնց արդիւնքում պէտք է ձեւաւորուի օրինական իշխանութիւն»: