ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Այսօր».- Յունիս 27ին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը քառօրեայ հովուապետական այցով պիտի մեկնի Ս. Փեթերզպուրկ (Ռուսիա) եւ Ռիկա (Լաթվիա):
Ս. Փեթերզպուրկի մէջ վեհափառը ներկայ պիտի գտնուի հայ համայնքի 300ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն: Սալթիգով-Շետրինի անուան ազգային գրադարանին մէջ Գարեգին Բ. պիտի կատարէ «Հայ-ռուսական հոգեւոր կապեր» խորագիրով հայկական գիրքերու ցուցահանդէսի բացումը, ինչպէս նաեւ պիտի նախագահէ Ս. Փեթերզպուրկի «Հայ-ռուսական բարեկամութեան» մշակութային կեդրոնի օրհնութեան եւ բացման արարողութեան:
Յունիս 29ին Գարեգին Բ. կաթողիկոսը պիտի մեկնի Ռիկա, ուր Յունիս 30ին պիտի հանդիսապետէ Ռիկայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ օծման արարողութեան: