ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «Հայփոս»չը կը յայտարարէ նորոգուած 50 կեդրոններու վերաբացման «ՀայփոսթՄարաթոն 2011» ծրագիրի մեկնարկի մասին. մինչեւ տարեվերջ պիտի վերաբացուին նորոգուած 12 բաժանմունքներ Երեւանին մէջ, եւ 38ը՝ մարզերու մէջ:
Ծրագիրը կը նախատեսէ կեդրոններու նորոգում թէ՛ արտաքին տեսքի, թէ՛ ճարտարագիտական վերազինման, թէ՛ ժամանակակից ենթակառոյցներու ներդրման առումով, որոնք կ՛ապահովեն նոր միջավայր յաճախորդներու եւ աշխատակիցներու համար: Բոլոր նորոգուած կեդրոններուն մէջ աւանդական եւ ոչ աւանդական թղթատարական ծառայութիւններէն բացի կը տրամադրեն ելեւմտական եւ առեւտրային բազմաբնոյթ ծառայութիւններ: Յաճախորդներուն կ՛առաջարկուին նաեւ համացանցային կապ, պատճէնահանում, տպագրութիւն եւ ֆաքսի կապ: