ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 22ին կայացած ասուլիսի ընթացքին՝ Հասարակական ընկերակցութեան նախագահ, ընկերաբան Գէորգ Պօղոսեան յայտարարեց, թէ Յունիսին կատարուած հասարակական հարցումներու համաձայն, այս պահուն առաւել բարձր վարկանիշ ունի հանրապետական կուսակցութիւնը։
Ըստ անոր՝ հարցումները իրականացած են միայն Երեւանի մէջ եւ մասնակիցներուն թիւը կը կազմէ 600 մարդ: Ըստ Պօղոսեանի ձեռք ձգած արդիւնքներուն, երեւանցիներու մօտ 19 տոկոսը իր ձայնը կու տայ «Բարգաւաճ Հայաստան»ին: Երրորդ եւ չորրորդ տեղերու համար պայքարի մէջ են ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւնները: ՀԱԿը եւ ՀՅԴն հաւաքած են մօտաւորապէս 7.5 տոկոս, իսկ «Ժառանգութիւն»ը՝ 6 տոկոս: Միւս կուսակցութիւնները ունին 5 տոկոսէն ցած վարկանիշ. Տիգրան Կարապետեանի «Ժողովրդական կուսակցութիւն»ը՝ 4.2 տոկոս, իսկ «Օրինաց երկիր»ը՝ 4.1 տոկոս:
Ըստ ընկերաբանին՝ մեծահասակները (45 տարեկան եւ բարձր) մասնաւորապէս ձայն կու տան «Ժողովրդական» կուսակցութեան, ՀԱԿին եւ «Ժառանգութեան», երիտասարդներու մէջ շատ են դաշնակցութեան համակիրները, իսկ միջին տարիքի մարդիկ մասնաւորապէս կ՛ընտրեն իշխող միախառն կառավարութիւնը: Կանանց մէջ ամենամեծ յաջողութիւն ունի Տիգրան Կարապետեանի ղեկավարած կուսակցութիւնը: