
Միայն քանի մը ամիս առաջ էր, որ նախագահ Պարաք Օպամա «չափահասի պէս վարուելու» կոչ ըրած էր հանրապետականներուն, որոնք քոնկրեսականներուն սուղ ժամանակը վատնած էին քանի մը տասնեակ միլիառ տոլարի շուրջ բանավէճը անտեղի կերպով երկարելով, երբ կողմերը կը քննէին 2010-2011 տարեշրջանի պետական ամավարկը:
Հինգշաբթի, Յունիս 23ին, չափահաս փնտռելու ելած էր այս անգամ Ծերակոյտի դեմոկրատ մեծամասնութեան պետ Հերի Ռիտը, որ զայրացած էր այն իրողութենէն, որ հանրապետականները քաշուած էին փոխնախագահ Ճոզեֆ Պայտընի գլխաւորութեամբ, քուլիսներու ետին տեղի ունեցող բանակցութիւններէն, որոնց նպատակն էր համաձայնութին մը գոյացնել պետութեան պարտքերու առաւելագոյն գումարը՝ 14.3 եռիլիոն տոլար, բարձրացնելու շուրջ: Եթէ այս գծով համաձայնութիւն չգոյանայ մինչեւ Օգոստոս 2, ապա պետութիւնը կրնայ իր որոշ պարտքերը չվճարել երկրին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ինչ որ ծանր հարուած մը կրնայ հասցնել իր վարկին:
Ուրբաթ օր յայտարարուեցաւ, թէ Օպամա անձամբ պիտի սկսի բանակցելու Քոնկրեսի ղեկավարութեան հետ, համաձայնութիւն մը գոյացնելու նպատակով:
Դեմոկրատները համաձայնած էին հանրապետականներու այն նախապայմանին, թէ նման համաձայնութեան մը պէտք է կցել պետական պարտքը աստիճանաբար նուազեցնելու ծրագիր մը, սակայն յետ երկարատեւ բանակցութեանց, Հինգշաբթի օր բանակցութիւններէն քաշուած էին, յամառելով իրենց այն նախապայմանին վրայ, թէ տուրքերը պէտք չէ աւելցնել:
Իրականութեան մէջ, դեմոկրատներուն պահանջը տուրքերը աւելցնել չէ, այլ ժամանակաւոր կերպով վաւերացուած կարգ մը տուրքերու կրճատումները բեկանել է, որոնց հետեւանքով մեծահարուստները եւ հսկայ ընկերութիւնները համեմատաբար ջնջին կերպով աւելի տուրք պիտի վճարեն: Նման միջոցառումներով, կարելի պիտի ըլլայ յառաջիկայ 10 տարիներու ընթացքին պետական պարտքը 4 եռիլիոն տոլարով նուազեցնել:
Յիշեցնենք, թէ միայն վերջերս էր, որ անկախ ծերակուտական Պըրնի Սենտըրզ հրապարակած էր տուրքերէն խուսափելու ամենալաւ միջոցները գտած հսկայ ընկերութիւններուն անունները, որոնք միլիառաւոր տոլարի շահեր ապահովելով հանդերձ, ոչ մէկ սենթ տուրք վճարած են դաշնակցային կառավարութեան՝ շահագործելով ամերիկեան տուրքերու օրէնքներուն ընծայած փախուստի միջոցները:
Ամէն գնով մեծահարուստները եւ հսկայ ընկերութիւնները պաշտպանելու հանրապետականներու նեղմիտ քաղաքականութիւնը միայն ժամանակաւոր կեպով նպաստաւոր պիտի ըլլայ վերնախաւին համար, որ բոլորին հետ հաւասարապէս պիտի կրէ երկրին տնտեսական վարկին անկումին ստեղծած վնասները: