
ՄԱՐՏԻԿ ՉԱՆՉԱՆԵԱՆ
ՀՄԸՄի Սանթա Գլարա Հովիտի «Անի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 20րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 7, 2011ի երեկոյեան ժամը 7ին, Սանթա Գլարա Հայաթ Ռեճընսի պանդոկի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ ՀՄԸՄի Սանթա Գլարա Հովիտի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ սոյն ձեռնարկին համար նախապէս յառաջացուած յատուկ կազմակերպիչ յանձնախումբին։ Ներկայ էին աւելի քան 270 հանդիսականներ։ Ներկայ էին ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան անդամներ։
Օրուայ հանդիսավար Անի Պաղտասարեան, իր բացման ուղղերձով, ՀՄԸՄի Սանթա Գլարայի «Անի» մասնաճիւղին կողմէ բարի գալուստ մաղթելով ողջունեց ներկաները ու բեմ հրաւիրեց ծուխիս հովիւ Տաթեւ քահանայ Յարութիւնեանը, որպէսզի կատարէ բացման եւ սեղանօրհնէքի աղօթքը։ Ապա, մասնաճիւղի արի-արենոյշները տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ՝ հայկական, ամերիկեան եւ ՀՄԸՄի դրօշակներով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, հայ ազգային եւ ամերիկեան քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութեամբ։
Անի Պաղտասարեան խօսք առնելով ներկայացուց Սանթա Գլարայի «Անի» մասնաճիւղի քսանամեայ պատմականը, յայտնելով. «Քսան տարիներ առաջ գաղութիս մէջ խումբ մը երիտասարդներ, յանձինս Հրայր Թաշճեանի, Վահէ Պարունեանի, Շահէ Աղապապեանի, Ժանօ Խաչեանի, ինչպէս նաեւ ժիրայր Սարգիսեանի, հիմը դրին ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղին: Աշխատանքները սկսան Հայ առաքելական Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որուն օրուան հովիւը, տէր Վազգէն քահանայ Մովսէսեանն ու հոգաբարձութիւնը սիրայօժար պատրաստակամութեամբ, գրկաբաց զիրենք ընդունեցին եւ իրենց սրահը տրամադրեցին միութեանս մինչեւ օրս։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանը, որ իր խօսքին մէջ վեր առնելով միութեանս քսանամեայ յաղթարշաւը, կարեւորութեամբ շեշտեց կեդրոնացեալ եւ յարատեւ աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս մեր մատղաշ սերունդին նկատմամբ, անոնց բաշխելու ազգային ինքնութեան գիտակցութեան եւ հայրենասիրական ոգիի ու ազգին ծառայելու գիտակցութիւնը։
Հանդիսավարը ապա բեմ հրաւիրեց մասնաճիւղի ատենապետ Գրիգոր Գրիգորեան եւ քաջալերանքի յուշատախտակով պատուեց մասնաճիւղի տարած աշխատանքները։ Ան յաջողութիւն մաղթելով միութեանս՝ փակեց իր խօսքը։
Սոյն ձեռնարկի ընթացքին ներկաները ըմբոշխնեցին գեղեցիկ եւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Հմուտ ջութակահար Յակոբ Նազարեան ներկայացուց «Կիլիկիա» հոգեթով երգը, ապա բեմ բարձրացան «Արաքս» պարախումբի երկու պարուհիներ, Լենա Տաքէսեան եւ Նայիրի Գույումճեան, պարուսոյց Նոյեմի Արաքսի ղեկավարութեամբ: Անոնք հեզաճկուն եւ սլացիկ շարժումներով պարեցին, «Գիշեր ու ցերեկ» նազպարը, հմայելով ու բուռն ծափահարութիւններ խլելով ներկաներէն։
Այնուհետեւ Անի Պաղտասարեան հրաւիրեց գաղութիս Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ Տաթեւ քահանայ Յարութիւնեանը, որ խօսք առնելով շնորհաւորեց ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղը եւ յատկապէս իր գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր նուիրեալ քոյր-եղբայրներուն, որոնք իրենց անձնուէր անխոնջ զոհաբերումով կը ծառայեն միութեանս վերելքի Աստուածահաճոյ գործին։ Այնուհետեւ տէր հայրը ընթերցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի շնորհաւորագիրը, ուղղուած միութեանս հիմնադրութեան քսանամեակին։ Սրբազանը իր գրութեան մէջ մասնաճիւղիս կը յղեր իր հայրական օրհնութիւններն ու դրուատանքը, որպէսզի միութիւնս շարունակէ մատղաշ սերունդներուն ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն, հայրենասիրութիւն: Տէր Տաթեւ նաեւ ընթերցեց Կլէնտէլի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վազգէն քահանայ Մովսիսեանի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Խորէն աւագ քահանայ Հապէշեանի բարեմաղթութեանց գրութիւնները։
Ապա միութեանս ատենապետ Գրիգոր Գրիգորեանը խօսքը առնելով յայտնեց, որ ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, Բարձրացուր» անմահ նշանաբանը եղած է «Անի» մասնաճիւղի առաջնորդող ուղեցոյցը։ Ան նշեց նաեւ որ մասնաճիւղը կը շարունակէ պատրաստել առողջ եւ ազգասէր սերունդներ, ծառայելու եկեղեցւոյ, հայրենիքին, ազգին եւ մարդկութեան։
«Նորոգուած վճռականութեամբ եւ անհուն հաւատքով «Անի» մասնաճիւղը պիտի շարունակէ ՀՄԸՄի հաստատաքայլ երթը տասնեակ տարիներ եւս իր հաւատարիմ անդամներով», ըսաւ Գրիգորեան, գնահատելով բոլոր այն քոյր-եղբայրները, որոնք երկա՜ր տարիներ տիւ ու գիշեր անվհատ գործեցին, չխնայելով իրենց ժամանակը կամ նիւթաբարոյական աջակցութիւնը եւ առանց ընկրկելու յաճախակի գոյացող խոչընդոտներու առջեւ, ընթացան անարգել կերպով, հաւատքը ու տեսիլքը ունենալով մեր մատղաշ սերունդի լուսաւոր ապագային։
Ատենապետ Գրիգորեան իր խօսքը փակեց շնորհակալութիւն յայտնելով հոգեւոր հովիւներուն, հիմնադիրներուն, շրջանային վարչութեան, բարերարներուն, քսանամեակի ձեռնարկի յանձնախումբին, ծնողներուն, վարչութեան եւ մասնաճիւղի բոլոր յանձնախումբերուն եւ նաեւ բոլոր ներկաներուն։
Ասոր հետ առընթեր, բեմ բարձրացան վաստակաւոր ՀՄԸՄականներ Ժիրայր Սարգիսեան, Վահէ Պարունեան, Շահիկ Աղապապեան եւ Ժանօ Խաչեան, որոնց շնորհուեցան գնահատագիրներ:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուայ մեծարեալ Հրայր Թաշճեանը, որուն տրուեցաւ գնահատագիր-յուշատախտակ մը, միութեանս համար մատուցած իր բազմամեայ եւ նուիրեալ ծառայութեանց համար։ Եղբայրը յուզումով վերյիշեց մասնաճիւղիս հիմնադրութեան անմոռանալի պահերը եւ յիշատակեց բոլոր այն քոյր եղբայրները, որոնք անզուգական նուիրաբերումով, իրենց բարոյական ներդրումը ունեցան մասնաճիւղիս ծնունդին։ Ապա եղբայրը համեստութեամբ իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն յայտնեց թէ, «այս պատուոյ գիրը միայն իրեն չէ որ կը պատկանի, այլ՝ բոլոր անոնց, որոնք իրենց անսակարկ նուիրումով զօրավիգ կանգնեցան եւ մասնակից եղան միութեանս բարգաւաճման»։ Քսանամեակի կարկանդակի հատումը կատարուեցաւ Հրայր Թաշճեանի կողմէ՝ ներկաներու բուռն ծափահարութիւններու տարափին տակ։
Յոտնկայս «Յառաջ Նահատակ»ը երգելէ ետք ուրախութեան եւ խնճոյքի պարերն ու երաժշտութիւնը շարունակուեցաւ: Երեկոն աւելի ջերմացաւ երբ հնչեց Տի Ճէյ Ռաֆֆիի հայրենաշունչ երգերն ու պարեղանակները:
Մինչեւ ուշ երեկոյեան ժամերուն, այս խանդավառ ու մտերմիկ մթնոլորտին մէջ, ներկաները կը դժկամէին իրենց հրաժեշտը տալու եւ սրահէն մեկնելու։ Ի վերջոյ, անոնք գոհունակ ժպիտով բաժնուեցան իրարմէ, կրկին այսպիսի ուրախ առիթով հանդիպելու խոստումով։