
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» եւ «Թարաֆ» օրաթերթերը, ինչպէս նաեւ «Պիանե»չ համացանցային կայքը կը հաղորդեն, որ «Թուրք վրիժառական ջոկատ» անունով ազգայնամոլներու խմբակը, որ անցեալին սպառնական նամակ մը յղած էր Պասքըն Օրանի, սպառնական նոր նամակով մը կը պահանջէ, որ հայերը, քիւրտերը, ինչպէս նաեւ «Ակօս» եւ «Էվրենսել» օրաթերթերու խմբագիրներն ու աշխատակիցները եւ կարգ մը այլ այլախոհներ, ինչպէս՝ Պասքըն Օրան, Սապահաթ Թունճել, Ահմետ Թիւրք, Էթիէն Մահճուպեան, Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր, մինչեւ Օգոստոս 15 Թուրքիայէն հեռանան, այլապէս՝ կազմակերպութիւնը անոնց դէմ յարձակումներ պիտի կատարէ։
«Էվրենսել»ի ուղարկուած նամակին մէջ ըսուած է, որ թերթն ու անոր գործակիցները նախատական գրութիւններ կը հրատարակեն թր-քական պետութեան եւ թուրքերուն դէմ։ Նամակին 6 կէտերէն 3րդը կը նշէ. «Հայկական Սփիւռքն ու անոր կողմնակիցները պէտք է լքեն թրքական հողերը», իսկ 4րդ կէտը՝ ««Ակօս» թերթն ու անոր կողմնակից զանգուածային լրատուամիջոցները պէտք է փակուին, եւ անոնց աշխատակիցները պէտք է լքեն թրքական հողերը»։