
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ կազմած է իր տարեկան ձեռնարկի յանձնախումբը, որուն համա-ատենապետ նշանակուած են Քրիսթինա Ճապարեան եւ Լինտա Արտան:
Ճապարեան գործօն անդամ մըն է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան եւ Հայ կանանց միջազգային միութեան, մինչ Արտան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցի վարչութեան անդամ է:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Անտրու Քիզիրեան վստահութիւն կը յայտնէ, թէ համա-ատենապետներուն գլխաւորութեամբ, ձեռնարկին յանձնախումբը պիտի կարենայ նախորդներէն աւելի յաջող ձեռնարկ մը կազմակերպել:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան մեծագոյն նախաձեռնութիւնը հանդիսացող սոյն ձեռնարկը առիթ մըն է արժեւորելու յանձնախումբին միամեայ գործունէութիւնը եւ զայն հանրութեան ներկայացնելու: Ձեռնարկի ընթացքին նաեւ պիտի պատուըւին Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած անձեր:
Մօտիկ ապագային պիտի յայտարարուի ձեռնարկին թուականն ու վայրը: