ՎԱՅՈՑ ՁՈՐ, «Ռատիօլուր»- ՀՀ կառավարութիւնը կը շարունակէ երեք ամիսը անգամ մը իր նիստերը մարզերուն մէջ անցընելու քաղաքականութիւնը: Գործադիրին հերթական նիստը Յունիս 30ին իրականացաւ Վայոց Ձորի մէջ: Օրակարգի առաջին կարգին քննարկուեցան մարզի խնդիրները՝ գործազրկութենէն մինչեւ առողջապահական ծառայութիւններու ցած որակը: Վարչապետ Սարգսեան նկատեց, որ, առկայ բոլոր հիմնախնդիրներով հանդերձ, Վայոց Ձորը լաւագոյնն է այդ ցուցանիշով, որ բնակիչներուն 82 տոկոսը չի փափաքիր մարզէն վերջնական հեռանալ:
Մարզպետ Սերգօ Բագրատեան, մինչ պաշտօնական թիւերուն անցնիլը, նախ իրազեկեց, թէ մարզը շուտով պիտի ունենայ սեփական խորհրդանիշներ, արդարեւ, դրօշն ու զինանշանը կը պատրաստուին արդէն: Մարզը, յառաջիկային, իր նուիրեալները պիտի պարգեւատրէ վայոցձորեան խորհրդանիշ-մետալներով:
Այնուհետեւ խօսուեցաւ իրականացուելիք խնդիրներուն մասին: Նշուեցաւ, որ Վայոց Ձորի զարգացման հիմնական ճիւղը գիւղատնտեսութիւնն է: Այս ոլորտին մէջ առկայ հիմնախնդիրները կը նոյնանան միւս մարզերու խնդիրներուն, որոնցմէ կարելի է յիշել պարարտանիւթերու հարցը, սերմացուի սղութիւնը եւ այլն:
Գիւղացիները լրջօրէն անհանգստացած են պտուղի մթերման հարցով: Առայժմ լուծուած է միայն Վայոց Ձորի խաղողի մթերման հարցը: Մարզին մէջ բարդացած են նաեւ ոռոգման խնդիրները:
Արդիւնաբերութիւնը մարզին մէջ կայուն չէ: Թերի է նաեւ նախադպրոցական կրթութիւնը: Շատ համայնքներու մէջ մանկապարտէզներ պարզապէս չկան: Բնակիչներու հետ իրականացած հարցումները պարզած են, թէ վայոցձորցիները յատկապէս դժգոհ են մարզին մէջ մատուցուող առողջապահական ծառայութիւններու որակէն: Գործազրկութիւնը, իր կարգին, խիստ բարձր է:
Վայոց Ձորի մէջ արտադրական ծաւալները փոքր են, եւ առկայ ներուժը չէ օգտագործուած: Վարչապետը նկատեց նաեւ, թէ Վայոց Ձորը միւս մարզերէն կ՛առանձնանայ ունեցած պատմամշակութային յուշարձաններով եւ զբօսաշրջային գրաւչութիւններով, սակայն ենթակառուցուածքային նշեալ խնդիրները լրջօրէն կը խանգարեն այդ յատկութիւնը: