ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի տուեալներով, 2010ին, Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 17,984 ամուսնութիւն, որմէ 6669ը՝ Երեւանի մէջ։ Այս թիւը, 2009ի համեմատ, պակաս է 4.2 տոկոսով:
Ըստ նոյն աղբիւրին, աւելցած է ամուսնալուծութիւններուն թիւը, որ 2010ին եղած է 2997, այսինքն՝ 5.5 տոկոսով աւելի քան 2009ի տուեալը։
Յատկանշական է, որ թէ՛ ամուսնութիւններու, եւ թէ՛ ամուսնալուծութիւններու թիւով առաջին տեղի վրայ է Երեւանը, ուր կեդրոնացած է երկրի բնակչութեան շուրջ մէկ-երրորդը: Ամուսնութիւններու թիւով երկրորդ հորիզոնականին յայտնուած է Արմաւիրի մարզը, ուր անցեալ տարուան ընթացքին արձանագրուած է 1744 ամուսնութիւն. երրորդ տեղի վրայ է Կոտայքի մարզը՝ 1677 ամուսնութեան դէպքով:
Ինչ կը վերաբերի ամուսնալուծութիւններուն, Երեւանէն ետք ամուսնալուծութիւններու ամենաբարձր ցուցանիշերը 2010ին արձանագրուած են Լոռիի եւ Շիրակի մէջ: