ԵՐԵՒԱՆ.- Այսօր, Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի հրաւէրով, նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցով կը մեկնի Քիեւ:
Այցին ծիրէն ներս Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի, Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատայի (խորհրդարանի) նախագահ Վլատիմիր Լիթվինի եւ Ուքրանիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Անտրէյ Քը Լիվեւի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Ուքրանիոյ առեւտրա-արդիւնաբերական պալատ:
Սերժ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Այցին ծիրէն ներս կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն միացեալ մամլոյ ասուլիս, ուր երկու երկիրներուն ղեկավարները պիտի ամփոփեն հանդիպման արդիւնքները: