ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թրենտ».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յառաջիկայ օրերուն որոշում պիտի կայացնէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչութեամբ հետագայ քայլերուն վերաբերեալ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, անդրադառնալով այս հարցին,

յայտնած է. «Մենք արձանագրած ենք, որ Քազանի մէջ նախագահները յայտարարած են կարեւոր խնդիրներու շուրջ համաձայնեցման մասին, որոնք կը նպաստեն խնդիրի կարգաւորման առնչութեամբ վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար պայմաններու ստեղծման»:
Լաւրով նշած է, որ Տմիթրի Մետվետեւ՝ իբրեւ ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի համաձայնութեամբ ու աջակցութեամբ գործող միջնորդ, աւարտած է քազանեան հանդիպումէն ետք իրավիճակի վերլուծութիւնը եւ ամենամօտ ժամանակահատուածին պիտի կայացնէ իր որոշումը հետագայ քայլերուն առնչութեամբ:
«Նախագահ Մետվետեւ, հաշուի առնելով հակամարտութեան կողմերուն հետ ունեցած յատուկ կապերը, ղարաբաղեան հիմնախնդրի վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու համար՝ երկու տարի առաջ հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հետ շարք մը խորհրդակցութիւններ իրականացնելու նախաձեռնութեամբ: Մենք կը կարծենք, որ հիմա մօտեցած ենք իրավիճակի մը, երբ անհրաժեշտ է կայացնել որոշում», ըսած է Լաւրով, ընդգծելով, որ բանակցութիւններու ձեւաչափի փոփոխութիւնը արդիւնաւէտ պիտի չըլլայ:
Ատրպեճանական «Սալամ Նուիզ» կայքը, վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ, տեղեկացուցած է, որ Լաւրով 8 Յուլիսին կարճատեւ այցով պիտի մեկնի Ատրպէյճան, որմէ ետք՝ Հայաստան: Ըստ ատրպեճանական լրատուամիջոցին՝ Լաւրով հայկական եւ ատրպեճանական կողմերուն պիտի փոխանցէ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչութեամբ ուղերձը: