
ԹՈՐՈՆԹՕ, «Նիուզ».- «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինը, Յունիս 26ին, հայկական համայնքի կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան 20ամեակին նուիրուած դրամահաւաք-ճաշկերոյթ: Ձեռնարկին պատուաւոր հիւր-բանախօսն էր յայտնի բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանը:
Հիմնադրամին տեղեկութիւններով, դրամահաւաք-ճաշկերոյթին մասնակցած է աւելի քան 400 հոգի: Հանգանակութիւնները պիտի ուղղուին Շուշիի մշակոյթի տան վերանորոգման:
Բացման խօսքով հանդէս եկած է Թեննի Նիկողոսեան, որ իր խօսքին մէջ նշած է. «Մենք բոլորս կը գնահատենք մշակոյթի դերը համայնքի կայացման գործին մէջ: Մշակոյթի շնորհիւ մենք կայացանք այստեղ, մշակոյթն է, որ կանգուն կը պահէ մեր ազգը Շուշիի մէջ»:
Գանատայի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Արման Յակոբեան շնորհաւորած է ներկաները Անկախութեան յոբելեանին առթիւ եւ նշած, որ Հայաստանի ու Արցախի անկախ տարիներուն ընթացքին մեծ եղած է «Հայաստան» Հիմնադրամին դերը հայրենաշինութեան գործին մէջ:
Ճաշկերոյթին ընթացքին ցուցադրուած են Հիմնադրամի 2010ի շինարարական ծրագիրները ներկայացնող ժապաւէնը, որմէ ետք սրահ բերուած է Հայաստանի ու Արցախի 20ամեակին նուիրուած տօնական կարկանդակը՝ զարդարուած 20 մոմերով:
Նախքան հանգանակութեան սկսիլը, հանդէս եկած է Թորոնթոյի տեղական մարմինի փոխատենապետ Հուրի Նաճարեան: Ան ներկայացուցած է մշակոյթի տան վերանորոգման կարեւորութիւնը: Երեկոյթի աւարտին հաւաքուած է 130,000 տոլար, որ պիտի ուղղուի Շուշիի մշակոյթի տան վերանորոգման: Եւս 300,000 տոլար նուիրաբերած է անհատ բարերար մը, որ չի փափաքիր յայտարարել իր անունը:
Անոր ցանկութեամբ, նուիրատուութիւնը պիտի ուղղուի Երեւանի մէջ հիւանդանոցի եւ ծերանոցի նորոգման ծրագիրներուն: