Մտորումներ՝ Հայ Գրողի Դերակատարութեան Եւ Արեւմտահայերէնի Ապագային Մասին
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ողջո՛յն սիրելի գրողներ ու բարեկամներ,
Ցաւով կ՛ուզեմ ներկաներուդ յայտնել, թէ Գրողներու միութեան մեր սիրելի նախագահը, բանաստեղծ ու գրական քննադատ Գրիշ Դաւթեան, առողջական պատճառներով պիտի չկարենայ նախագահել Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ կայացող հերթական մեր այս հանդիպման եւ ինձմէ խնդրեց, որ զինք փոխարինեմ։
Պէտք է ըսել, թէ զգալի է Գրիշին բացակայութիւնը, թէեւ մտահոգուելու պատճառ չունինք, քանի որ մեր ընկերը ապաքինման մէջ է, եւ յոյսով ենք, որ յառաջիկայ ամսուան մեր հանդիպման, ինք կը վարէ երեկոն։
Եղածը պետական գաղտնիք չէ. քանի մը շաբաթ առաջ հայրենիք ուղեւորութեան միջոցին, մեր ընկերը յանկարծ հիւանդացած է, ու Երեւան գտնուած ամբողջ ժամանակաշրջանին, ան հիւանդանոց կամ եղբօրը տունը անկողնոյ ծառայած է։ Մէկ խօսքով, Գրիշին Երեւանեան արձակուրդը «քիթէն-բերանէն եկած է»։
Հայաստանի գրողներու միութեան (ՀԳՄ) նախագահ Լեւոն Անանեան, քանի մը առիթներով հիւանդանոց այցելած է՝ գրող մեր բարեկամին ի՛ր եւ ՀԳՄի անդամներուն բարեմաղթութիւնները փոխանցելու։ Ո՛ղջ մնան։
Սիրելինե՛ր, ձեր եւ վարչութեան անունով առողջութիւն ու արագ ապաքինում կը մաղթեմ մեր սիրելի ընկերոջ:
Այս ամսուան հերթական մեր հանդիպումը, ինչպէս մամուլով յայտարարուեցաւ, հեղինակային ելոյթներու պիտի յատկացուի։ Ըստ մեր կազմած ցանկին, ներկայ գրողները հերթով բեմահարթակ պիտի հրաւիրուին, 10-12 րոպէներու տեւողութեամբ ընթերցելու համար իրենց նորագոյն ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
Ժամանակի խնայողութեամբ մտահոգ՝ մեր յարգելի հեղինակներէն պիտի խնդրէինք հեռու մնալ սրտի տաք զեղումներէն եւ բացատրութիւններէն, թէ՝ ո՞ւր եւ ի՞նչ պայմաններու տակ գրուած է ներկայ գործը։ Գրական յաջող գործ մը պէտք չունի քովընտի բացատրութիւններու:
Այս օրուան ուրախ առիթով, ներկայ գրողներդ սրտանց կ՛ողջունենք անոր համար, որ մեր շուրջ տիրող անյոյս պայմաններուն տակ տակաւին խիզախօրէն ու նուիրումով կը շարունակէք ստեղծագործական ձեր ճիգը։ Որքա՛ն ալ ոմանց ականջին պարտուողական հնչեն մեր յայտնած միտքերն ու այս ամպիոնէն կատարած ախտաճանաչումները, հայ գրողներս դիւրաւ վհատողներ չենք եղած երբե՛ք։ Պիտի շարունակենք գեղեցիկը արարել, հակառակ մեզ շրջապատող ընդհանուր անտարբերութեան։ Օր մը, վստահ ենք, որ այս գաղութէն ներս պիտի յայտնուին անաչառ մտաւորականներ, որոնք ապագայ սերունդներուն պիտի պատմեն ներկաներուդ ոդիսականը, ձեր տարած հերոսական պայքարներն ու ձեռք բերած նուաճումները:
Ցաւ ի սիրտ, հայ ազգային կեանքէն ներս, դժբախտաբար խախտուած կը մնան առաջնահերթութիւնները։ Այո՛, տնտեսական ամուր հիմերու վրայ դրուած համազգային նեցուկ վայելող հրատարակչականի մը չգոյութեամբ, հայ գրողին գործերը երբեմն 8-10 տարուան յապաղումով կը հրատարակուին, անշուշտ՝ եթէ հրատարակուին… այդ մէկն ալ թէական կը մնայ։
Երբ Հոլիվուտի մէջ սպիտակ պաստառ կը հանուէր «Blood Diamond» անունով նշանաւոր ժապաւէնը, ընթերցասէր քանի՞ հայու միտքէն անցաւ, թէ 35 տարիներ առաջ հայ հեղինակի մը կողմէ գրուած ափրիկեան թեմայով պատմուածքէ մը օգտուած էր այդ ժապաւէնին ցնցիչ դիպաշարը գրող ամերիկացի բեմագիրը։ Չունի՛նք կազմակերպութիւն մը, որ տէր կանգնի հայ գրողին իրաւունքներուն։
Այսօր, հայրենի հողին վրայ թէ Սփիւռքի տարածքին գրիչ շարժող հայ գրողը, շօշափած արդիական իր թեմաներով ու նորարարական ճիգերով, երբե՛ք ետ չի մնար օտար հեղինակներէ, որոնց գործերը տասնեակ հազարներով լոյս կը տեսնեն ու կը սպառին՝ դեռ բնագիրին մելանը չչորցած։
Վերջերս, վիճելի նոր յանկերգ մըն ալ կը լսենք լուրջ անուն վաստկած մտաւորականներէ, թէ՝ արեւմտահայերէնը մահամերձ վիճակի մատնուած է։
Եկէ՛ք արդար ըլլանք մեր անձերուն եւ մեր ընդդիմադիրներուն հետ։ Եթէ արեւմտահայերէնը ընթերցողներու կամ պետական նեցուկի պակասէն տառապելով՝ իսկապէս հասած է ցաւալի այդ վիճակին, ապա օրն ի բուն վայվայողներուն եւ հռետորաշունչ յօդուածներով հրապարակը աղմկողներուն ընկերաբար հարց կու տանք, թէ վերջին անգամ ե՞րբ արեւմտահայ գրողի մը նոր գործը գնած ու կարդացած են, դեռ աւելին՝ անոր հրատարակութեան սատարած՝ իբրեւ սրտցաւ անհատ կամ հայ կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչը։ Արեւմտահայերէնը, սիրելինե՛ր, չի մահանար, այլ գիտակցօրէն կը սպաննուի վայվայողներուն անտարբերութեան իբրեւ հետեւանք։ Ի դէպ միւս պատճառներն ալ կը կատարեն իրենց աւերիչ գործը։ Կրնայի օրինակներով խօսիլ, բայց՝ տեղը չէ։
Այս առաւօտ, ներկայ մտորումներուն չյանձնուած՝ ցանկը կազմեցի անտիպ գործերուս եւ պահ մը շշմեցայ։ Գրական գրեթէ բոլոր սեռերը ընդգրկող տասնեակներով անտիպ հատորներ դարակներու մէջ կը սպասեն լոյս աշխարհ գալու։ Եւ տակաւին, օր մը վայվայող մը չըսաւ, թէ՝ «Հայ տղա՛յ, առանց նեցուկի ինչպէ՞ս գլուխ պիտի հանես սա անտիպ գործերուդ հրատարակութիւնը»։
Ունէինք արեւմտահայ ընթերցասէր սերունդ մը, որ կը խլէր մեր գործերը։ Չկայ այլեւս այդ սերունդը եւ անոր հետ անհետացաւ նաեւ ընթերցասէր արեւմտահայը։ Բացի մեծահոգի Հրանդ եւ Մանուշ Սիմոնեաններէն, ոչ մէկ անհատ կամ կազմակերպութիւն ցարդ օգնութեան ձեռք երկարած է գրողներու մեր միութեան, եթէ նկատի չառնենք Տէրտէրեան սրբազանին օրհնութեամբ եւ անոր օգնութեամբ հրատարակուող տարեկան մէկ կամ երկու հատորները։
Երբ տասնեակ տարիներ առաջ, Հայաստանի տեսլապաշտ հիւպատոս Մկրտումեանի ջանքերով ոտքի հանուեցաւ Գրողներու միութիւնը, երկու գլխաւոր նպատակներ կը հետապնդէին հիմնադիր անդամները.
ա. Գրական նոյն կազմակերպութեան մէջ եղբայրացնել արեւելահայ ու արեւմտահայ գրողներն ու մտաւորականութիւնը։
բ. Նորերը քաջալերել՝ անոնց անտիպ գործերը հրատարակելով եւ ամերիկահայութեան ծոցէն ներս գրական աշխուժութիւն յառաջացնելով։
Այս բոլորը իրագործելու համար, պարոնա՛յք, տնտեսական կազմակերպեալ նեցուկի պէտք ունէինք, բան մը, որ զլացուեցաւ հայ գրողներուն՝ սփիւռքահայ այն կազմակերպութիւններուն կողմէ, որոնք հետեւողականօրէն գործի լծուած են ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար Ամերիկայի Քոնկրեսէն ներս։
Հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ Ցեղասպանութեան հարցով օրը իրիկուն ընող կազմակերպութիւն մը չելաւ ու ցեղասպանութեան թեմայով գրած վէպս հրատարակելու ճիգը յանձն չառաւ, կամ ալ «Մարաշի Առիւծները» հատորին հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակութեան չարժանացուց։ Եւ այս գրողին օրինակով, գաղութահայ տասնեակ հեղինակներ նոյն հարցադրումը կրնան ունենալ։
Մերը՝ պարզ լոզունգներ արտահանել է… երբ հարցը կոնկրետ (ճշգրիտ), հիմնական գործ կատարելու հասնի՝ չկանք… Մարդ արարածը այնքա՛ն միամիտ ու ապաշնորհ պիտի ըլլայ ակնկալելու համար, թէ առանց հայ գրողի, մտաւորականի, պատմաբանի ու քաղաքական գիտութեան մասնագէտներու ներդրումներուն, Ամերիկայի Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով միայն պիտի լուծուի հայկական Դատը։ Ճանաչումէն ետք, շատ-շատ, քանի մը փաստաբաններ եւս կը հարստանան… Այդքա՛ն միայն։
Հարց կու տանք։ Հայ գրողը, արեւմտահա՛յ գրողը, իր գրական կեանքին տեւողութեան քանիներո՞ւ ոտքը պիտի համբուրէ, որպէսզի անտիպ իր գործերը հրատարակուին ու ընթերցող հասարակութեան հասնին։
Չէ՛, սիրելիներ, արեւմտահայերէնը երբե՛ք չի մեռնիր… Մե՛նք՝ արեւմտահայերս, օր ցերեկով կը սպաննենք զայն՝ հայ գիրի ու գրականութեան հանդէպ մեր կրաւորականութեամբ ու անտարբերութեամբ։
Շնորհակալ եմ ձեր ուշադրութեան համար: