ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային 91րդ ժողովը Հինգշաբթի, 14 Յուլիսին, Սանթա Մոնիքայի «Շերըթըն Տելֆինա» պանդոկին մէջ սկսաւ իր աշխատանքներուն: Ժողովը այս տարի կը հիւրընկալէ ՀՕՄի Սանթա Մոնիքայի «Կարս» մասնաճիւղը: (Ժողովէն կարգ մը դրուագներ կը ներկայացնենք նկարներով, տես՝ էջ 9):
Ժողովի բացման պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին եւ ելոյթ ունեցան ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Միրիէլ Բարսեղեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Քրիս Կիւլտճեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Ամերիկայի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Ուիլեըմ Պայրամեան, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութենէն Նորա Չափարեան, «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանաւարտ շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան եւ հիւրընկալ մասնաճիւղի ատենապետուհի Հելտա Սարգիս: Պաշտօնական բացումէն ետք ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն՝ առաջին հերթին ընտրելով իր դիւանը: Շրջանային ժողովի դիւանի ատենապետներ ընտրուեցան Անի Քէշիշեան եւ Ճուտի Ճինկիրեան: Ըստ նախատեսութեանց, ժողովը այսօր պիտի աւարտէ իր աշխատանքները՝ ընտրելով շրջանային նոր ղեկավար մարմին մը: Ժողովի մասին մանրամասն տեղեկագրութիւն կը ներկայացնենք հետագային: