Փորձենք գնահատել կամ քննադատել ազգային որեւէ հաստատութեան գործունէութիւնը: Ինչպիսի՞ չափանիշներով պէտք է ղեկավարուինք, արդեօք: Նախ պէտք է ըլլանք առարկայական եւ փորձենք խուսափիլ կողմնակալութենէ: Ապա պէտք է խուսափինք ազգային-համայնքային մեր իրականութեան մէջ գործող հաստատութիւնները եւ կառոյցները ընդհանրապէս անմրցունակ նկատելու կամ զանոնք միայն իրարու հետ համեմատելու փորձութենէն՝ անոնց մատուցած ծառայութեանց մէջ փայլող ոչ-հայկական հաստատութիւններու ու կառոյցներու հետ բաղդատութիւնը անիմաստ կամ անարդար համարելով:
Ամէնէն համոզիչ փաստարկումը՝ համեմատութիւնները զուտ հայկական շրջանակի մէջ պահելուն, այն է, որ մեր հաստատութիւններուն ու կառոյցներուն կը պակսին այն միջոցները, որոնցմով կ՛աշխատին օտարները:
Այս փաստարկը ներկայացնելով, մենք բոլորս դաւակից կը դառնանք մեր սեփական ձախողութիւններուն, կամ՝ համեմատական յաջողութիւններուն, որոնք բաւարար չեն՝ մերօրեայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ՝ կեանքի ասպարէզին կամ միութենական ձեռնարկներուն մակարդակ ապահովելու տեսակէտէն: Առաջին հերթին, պէտք է մերժենք նման փաստարկներով մենք մեզ հանգստացնելու մօտեցումը, ու սկսինք մեր ակնկալութիւններուն, սպասումներուն ու մեր դէմ կանգնած մարտահրաւէրներուն լրջութեան համաձայն բարձր չափանիշներով արժեւորելու մեր բոլոր հաստատութիւններուն ու կառոյցներուն գործունէութիւնը: Ապա, անկարելին կարելի դարձնելով՝ ստեղծենք այն բոլոր միջոցները, որոնք հնարաւոր պիտի դարձնեն մեր հաստատութիւններուն ու կառոյցներուն աշխատանքը՝ մասնագիտական ամէնէն բարձր մակարդակով:
Մէկ խօսքով՝ եկէ՛ք մենք մեզի փախուստի ճանապարհներ բանալով՝ չնպաստենք մեր հաւաքական թշուառութեան խորացման. եկէ՛ք, նոյնիսկ, իրարու հանդէպ դաժան ըլլալու գնով՝ փորձենք բոլորիս սիրոյն լաւագոյնին ձգտիլ, լաւագոյնին հասնելու ու լաւագոյնը ապահովելու տրամաբանութեամբ ղեկավարուիլ միշտ ու ամէնուր: