ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Ֆորտ ամերիկեան «Ֆորէյն Փալըսի» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց, թէ «փողոցը կրնայ տապալել» սուրիական վարչակարգը, եթէ այս վերջինս շուտով ցուցարարներուն պահանջած բարեկարգումներու կատարման չսկսի։ Ան նշեց, որ «շօշափելի որեւէ ցուցանիշ չտեսայ, թէ սուրիական կառավարութիւնը պատրաստ է բարեփոխումներուն սկսելու՝ ցուցարարներուն պահանջած արագութեամբ»։ Ֆորտ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կոչ ուղղեց՝ բարեփոխումներ սկսելու «դժուար որոշումը տալու»։
Միւս կողմէ՝ Սուրիոյ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Խալետ Ապուտ լիբանանեան «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ գոյութիւն ունին ոչ դիւանագիտական շարժումներ, որոնք կապ ունին Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին շրջապտոյտներուն հետ, որոնք Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնները կը հաստատեն։ Ան նշեց, որ «եւրոպական եւ ամերիկեան պորչտուքը սուրիական գետնի վրայ եւ սուրիական ղեկավարութեան մօտ՝ զեռոյի հաւասար է»։
Պատասխանելով ՄԱԿի կողմէ յաւելեալ պատժամիջոցներու նկատմամբ Ռուսիոյ կեցուածքին մասին հարցումի մը՝ Ապուտ յայտնեց, որ «հարիւր առ հարիւր ռուս բարեկամներուն չենք վստահիր, այլ՝ սուրիացի ժողովուրդին միասնականութեան եւ համակեցութեան։ Նոյնիսկ եթէ Ռուսիան գոյութիւն չունենար, հակառակորդը պիտի չկարենար նախապէս իր կատարածէն աւելի ճնշում բանեցնել Սուրիոյ վրայ, իսկ այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ, պարզապէս վախցնելու փորձ է»։
Միացեալ Նահանգներ-Սուրիա յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ, Ապուտ յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներու հետ կապերու վերջին թելը պիտի պահենք»: