Քրտական «Ֆըրա»լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ սահմանադրական ատեանը՝ միաձայնութեամբ՝ երկիրի օրէնքին համապատասխան համարած է եւ ի զօրու ձգած է 1934ին որդեգրուած օրէնքը, ըստ որուն, Թուրքիոյ քաղաքացիները իրաւունք չունին օտար մականուններ կրելու։ «Ֆըրա»չ կը նշէ, որ «ցեղապաշտական օրէնքը հայերուն, քիւրտերուն, ասորիներուն, չերքեզներուն եւ հրեաներուն կ՛արգիլէ իրենց ազգային մականունները կրել»։
Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ազգութեամբ ասորի Ֆաւլուս Այը իր անունն ու մականունը փոխելու եւ Փաուլուս Պարթումա դարձնելու համար դիմում մը ներկայացուցած էր Միտեաթի դատարան, սակայն դատարանը, հիմնուելով 1934ի մականուններու մասին օրէնքին վրայ՝ մերժած էր Այի դիմումը։
Ֆաւլուս Այը ապա դիմած էր սահմանադրական ատեան։ Իր դիմումին մէջ ասորի քաղաքացին նշած էր, որ 1934էն ի վեր գործող մականուններու մասին օրէնքը կը խոչընդոտէ թրքական ծագում չունեցող մականուններ կրելու իրաւունքը, ինչ որ ազգային խտրականութիւն է։ Այը ուշադրութիւն հրաւիրելով սահմանադրութեամբ ամրագրուած հաւասարութեան մասին սկզբունքին վրայ՝ ընդգծած էր, որ թրքերէնի եւ թրքական արմատ ունեցող մականուններուն նկատմամբ արտօնեալ վերաբերմունքը բացայայտօրէն կը հակասէ հաւասարութեան սկզբունքին։