ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր) նահանգին մէջ Քրտական բանուորական կուսակցութեան եւ թրքական բանակին միջեւ Հինգշաբթի, Յուլիս 14ի երեկոյեան տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն հետեւանքով, թրքական բանակի շարքերուն մէջ արձանագրուած է 13 զոհ եւ 7 վիրաւոր։ Բախումները տեղի ունեցած են Սիլվան շրջանին մէջ։
Թրքական ուժերը փորձած են 20-30 քիւրտ զինեալներ ծուղակը ձգել, սակայն իրենք յայտնուած են թակարդի մէջ։ Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, բախումներուն պատճառով սպաննուած են 7 քիւրտ զինեալներ։ Թրքական ուժերուն օժանդակած է նաեւ օդուժը։
Անանուն աղբիւր մը քրտական «Ֆըրա»չ լրատու գործակալութեան հերքեց այլ լուրը, թէ 7 քիւրտ զինեալ սպաննուած է, նշելով, որ միայն երկու քիւրտ յեղափոխականներ սպաննուած են։
Կուսակալ Մուսթաֆա Թոփրաք «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ մեծ ցաւ կը զգայ պատահածին համար, բայց աւելցուց, թէ քիւրտ զինեալներուն դէմ գործողութիւնները պիտի շարունակուին։
Վարչապետ Էրտողան փոխեց Ուրբաթ օր Պոլիս այցելելու իր ծրագիրը ու Անգարայի մէջ զինուորական իշխանութիւններու հետ քով քովի եկաւ՝ քննելու համար կացութիւնը։ Զինուորական աղբիւրները դիտել տուին, թէ 13 զինուորները սպաննուած են «ահաբեկիչներ»ու կողմէ արձակուած ձեռնառումբերուն ստեղծած հրդեհով։
Դէպքը մեծ ընդվզում յառաջացուց քաղաքական շրջանակներէ ներս ու «ահաբեկչութիւնը» անգամ մը եւս անիծուեցաւ պաշտօնական շրջանակներու կողմէ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինքզինք «Ժողովրդավարական հաւաքականութեան համագումար» կոչող քրտական կուսակցութիւնը Հինգշաբթի, Յուլիս 14ին, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան՝ Տիգրանակերտի նահանգային շէնքին մէջ կայացած հաւաքի աւարտին, քիւրտերու անունով «ժողովրդավարական ինքնավարութիւն» հռչակեց։ Ասիկա բնականաբար գրգռիչ կը նկատուի քաղաքական շրջանակներու կողմէ, մանաւանդ, երբ կը զուգադիպի այնպիսի օրուան մը, որուն ընթացքին 13 թուրք զինուորներ սպաննուեցան մօտակայ շրջաններու մէջ:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան կուսակցութեան համանախագահներ Ահմետ Թիւրք եւ Այսէլ Թուղլուք։ Մօտաւորապէս վեց ժամ տեւած ժողովին աւարտին, Այսէլ Թուղլուք կարդաց ժողովին ընթացքին պատրաստուած «Ժողովրդական ինքնավարութեան հռչակագիր»ը։ Թուղլուք պնդեց, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իր շահերուն պատճառաւ չի մօտենար հարցերու լուծման, եւ այս գնացքը բախումի մթնոլորտ ստեղծելէ բացի ուրիշ արդիւնք չի տար։
«Ատիկա ալ Թուրքիոյ ու Քիւրտիստանի տեսանկիւնէն՝ փլուզում կը նշանակէ», ըսաւ ան։
Թուղլուք, ինքնավարութիւն հռչակելով հանդերձ՝ ըսաւ, որ ասիկա պետութիւնը քանդել չի նշանակեր, պետական դրութիւն մըն ալ չէ ասիկա։ Ինքնավարութիւնը պիտի գործադրուի Թուրքիան հասարակաց հայրենիք ընդունելու, հողային ամբողջականութիւնը յարգելու եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներու ազգային ամբողջականութեան սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու շրջագիծով։
Այս անսովոր ու խնդրայարոյց հռչակումէն ետք, Թուղլուք կոչ ըրաւ քիւրտերուն, որ այսուհետեւ իրենք զիրենք նկատեն ժողովրդավար ինքնավար քիւրտիստանցիներ։