ՆԻՆՊՕ, «Նիուզ».- Չինաստանի Նինպօ քաղաքին մէջ ընթացող ճատրակի աշխարհի խմբային առաջնութեան երկրորդ խաղին, Հայաստանի հաւաքականը ոչ ոքի՝ 2:2 հաշիւով, աւարտեց հանդիպումը ամերիկացիներուն հետ: Կաթա Քամսքի պարտութեան մատնեց Լէոն Արոնեանը եւ հաւասարեցուց ընդհանուր հաշիւը: Նախքան այդ, Եուրի Շուլման-Վլատիմիր Յակոբեան եւ Եասէր Սէյրաւան-Գաբրիէլ Սարգսեան խաղացած էին հաւասար արդիւնքով, իսկ Սերգէյ Մովսիսեան պարտութեան մատնած էր Ալեքսանդր Օնիշչուքը:
Միւս մրցամարտերուն, 3:1 հաշիւով Ռուսիան յաղթեց Հունգարիային, Ատրպէյճանը՝ Հնդկաստանին, Իսրայէլը՝ Եգիպտոսին: Ուքրանիոյ հաւաքականը 1.5:2.5 հաշիւով պարտուեցաւ Չինաստանէն:
Երկու խաղէ ետք, յառաջատարը Ռուսիան էր՝ երկու յաղթանակով: Հայաստանի հաւաքականը մէկական յաղթանակով եւ հաւասարութեամբ՝ երկրորդ հորիզոնականի վրայ է: