ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Կը թուի, թէ 1974ին թրքական ուժերուն կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոս այցելութիւնը նոր կորով տուած է Թուրքիոյ մէջ իր ընտրական վերջին յաղթանակով հպարտ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, որ Երեքշաբթի, Յուլիս 19ին, գրաւեալ տարածքները այցելելով՝ սկսած է գոռոզանալու՝ պնդելով, թէ Թուրքիա պիտի սառեցնէ Եւրոպական Միութեան հետ իր յարաբերութիւնները, երբ Կիպրոսի օրինական իշխանութիւնը ստանձնէ Եւրոմիութեան ղեկը, Յուլիսէն Դեկտեմբեր, 2012ին:
Ինքզինք նոր բռնագրաւուած տարածք մը այցելող զինուորական հրամանատար մը կարծելով՝ Էրտողան հաւանաբար կը մտածէ, թէ հիւսիսային Կիպրոսի սիրոյն Եւրոմիութեան հետ կապերը սառեցնելու սուղ գինը վճարելու իր պատրաստակամութիւնը, որոշ չափով պիտի մեղմացնէ գրաւեալ տարածքներուն մէջ վերջերս աճած Թուրքիոյ դէմ դժգոհութիւնը:
Սակայն, ան նաեւ պէտք է գիտակցի, թէ վեց ամիսը ակնթարթ մըն է քաղաքական կեանքին մէջ եւ ժամանակը շատ արագ զինք պիտի դնէ՝ մէկ կողմէ կիպրացի թուրքերուն տնտեսական պահանջքները գոհացնելու, իսկ միւս կողմէ՝ բարեկարգումներ կատարելու պարտադրանքին տակ, եթէ Թուրքիա իսկապէս կը փափաքի անդամակցիլ ի՛ր իսկ կողմէ «քրիստոնէական ակումբ» որակուած այդ միութեան:
Հիւսիսային Կիպրոս այցելութեան նախօրեակին, Էրտողան արդէն իսկ յայտարարած էր, թէ Թուրքիա Կիպրոսի հարցով ոչ մէկ «զիջում» պիտի ընէ իր սկզբունքներէն։ «Մենք ձեռնածալ պիտի նստինք եւ Թուրքիայէն պիտի հետեւինք գործընթացին։ Յոյներու հետ տեսակցութիւնը խնդրոյ առարկայ չէ, երբե՛ք։ Չենք տեսակցիր երկիրի մը հետ, զոր չենք ճանչցած։ Մենք, անոնց հետ միեւնոյն սեղանին վրայ նստիլն իսկ մեզի նուաստացում կը նկատենք», ըսած էր Էրտողան:
Էրտողան եզրակացուցած է ըսելով. «Այնքա՛ն ատեն, որ ես Թուրքիոյ վարչապետն եմ, իմ տետրակիս մէջ այլեւս բարութիւն չկայ կիպրական հարցին գծով։ Բաւարար չափով բարիք գործեցինք։ Մենք բարիքի դիմաց է, որ բարութեամբ կը փոխադարձենք։ Պայմանները փոխուեցան, այլեւս զիջողութիւն պիտի չընենք»։
Անշուշտ մեզի ծանօթ է, թէ թրքական քաղաքական բառարանին մէջ, կղզիին մէկ երրորդը գրաւելը համազօր է բարութեան, ինչպէս որ ցեղասպանութիւնը համազօր է «զանգուածային տեղափոխութիւններ»ու, կամ փոքրամասնութիւնները երկրորդ կարգի քաղաքացի չնկատելը՝ «բարի կամեցողութեան»: