ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Իսրայէլեան ծովուժը Երեքշաբթի, Յուլիս 19ին, պաղեստինցիներու զօրակցող գործիչներ Կազա փոխադրող ֆրանսական նաւ մը գրաւեց եւ զայն առաջնորդեց դէպի Աշտոտ նաւահանգիստը։ Իսրայէլեան ծովուժէն զինուորներ բարձրացան «Տինիթէ-Քարամա» նաւը։ Ըստ իսրայէլեան բանակէն բանբերի մը, գործողութեան ընթացքին զոհեր կամ վիրաւորներ չեն արձանագրուած։ 17 ճամբորդներ փոխադրող նաւուն նաւավարը Կիրակի օր, յունական ջուրերէն մեկնելու ատեն յայտարարած էր, որ եգիպտական նաւահանգիստ մը կ՛ուղղուի, սակայն աւելի ուշ ըսած էր, որ իր ուղղութիւնը կը փոխէ դէպի Կազա։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.