ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Ամերիկացի պաշտօնատարներ հանդիպում մը ունեցած են Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆիի վարչակարգի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցած է երրորդ երկիրի մը մէջ։ Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան, ամերիկեան կողմը լիպիացի պաշտօնատարներուն անգամ մը եւս ներկայացուցած է Քազաֆիի անյապաղ հրաժարականին պահանջքը, մինչ Լիպիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչ Մուսա Իպրահիմ այդ հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ կատարուած կարեւորագոյն քայլ որակած է։
Ամերիկեան կողմը կը յայտարարէ, որ չի ծրագրեր յառաջիկային նման հանդիպում ունենալ Քազաֆիի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Անցեալ Ուրբաթ օր, երեսունէ աւելի արեւմտեան եւ արաբական պետութիւններ Լիպիոյ ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման ժամանակաւոր խորհուրդը ճանչցան իբրեւ Լիպիոյ ժողովուրդի իրաւունքները ներկայացնող լիազօր մարմին։ Միջազգային հանրութեան այդ քայլը Երեքշաբթի, Յուլիս 19ին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ սուր քննադատութեան արժանացաւ։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, Երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ Քազաֆիի վարչակարգին եւ ըմբոստներուն միջեւ փոխզիջումային լուծում մը կարելի է, հակառակ այն իրողութեան, որ ըմբոստները կը մերժեն բանակցիլ Քազաֆիի հետ: