ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Իսրայէլի կոչ ուղղեց՝ «երկու երկիներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման եւ կացութեան բարդացումէն փախուստ տալու համար գոյութիւն ունեցող առիթը օգտագործելու»։
Նշենք, որ Իսրայէլի փոխվարչապետ Մոշէ Եաալոն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու վերջերս Նիւ Եորքի մէջ յարաբերութիւններու բարելաւման շուրջ խորհրդակցած էին, սակայն բանակցութիւնները ապարդիւն մնացած էին։
Տաւութօղլու նշեց, որ հարկ է լուծել անցեալ տարի թրքական «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան յարձակումին համար ներում հայցելու եւ փոխհատուցում կատարելու հարցերը։
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը Երկուշաբթի օր հաղորդեց, որ իսրայէլեան ապահովական առնչակից շրջանակներ զօրավիգ կը կանգնին երկու երկիրներուն միջեւ տագնապի լուծման համար Թուրքիայէն ներում հայցելու գաղափարին։
Միւս կողմէ, իսրայէլեան աղբիւրներ «Մաարիւ» թերթին յայտնած են, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է յառաջիկայ երկու շաբաթներուն Կազա այցելելով՝ հանդիպում ունենալ «Համաս»ի ղեկավարներուն հետ։