Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հայկական Հարցի հետապնդման ի խնդիր մարտնչումի նոր ճակատ մը բացաւ անցեալ Չորեքշաբթի ու այդ ճակատին վրայ մարտավարական յաղթանակ մը ապահովեց:
Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու Թուրքիոյ յուսահատ պայքարի ճամբուն վրայ խութ մը եւս աւելցաւ, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը, այս օրերուն, այդ մարմինին համար տարօրինակ միասնականութեամբ մը պահանջեց Թուրքիայէն՝ օրինական տէրերուն վեարադարձնել հայկական, յունական, ասորական եւ այլ փոքրամասնութեանց պաշտամունքի վայրերը, որոնք կամ սրբապղծուած ու այլանդակ վիճակի մատնուած են, եւ կամ բոլորովին աւերակ են ու լքուած իրենց ճակատագիրին:
Աշխարհիկ ու ժողովրդավար սկզբունքներով իր երկիրը ղեկավարելու յաւակնութեամբ Եւրոպայի մաս կազմելու պատրաստուող Թուրքիան այս բանաձեւով մերկացուեցաւ յաչս աշխարհին, եւ իր ամօթալի անցեալէն ժառանգած անհանդուրժողութիւնը, կրօնամոլութիւնն ու ցեղային խտրականութիւնը ի լոյս ցցուեցան՝ իրենց յանցագործ ամբողջ տգեղութեամբ:
Հրոսակային յարձակումի մը նման սոյն բանաձեւին ներկայացումը ու անոր ապահոված քուէները, անակնկալի բերին Թուրքիոյ ղեկավարները, որոնք այս «ապտակ»ին իբրեւ պատասխան՝ մխիթարուեցան, թէ այս անգամ իրենց խնայուած էր ցեղասպանի խարանը:
Կասկածէ վեր է, որ մեր ազգային պահանջատիրական պայքարը այսօր իր դէմ կը գտնէ թրքական աւելի ճարպիկ, աւելի ճկուն արտաքին գերատեսչութիւն մը՝ իբրեւ ախոյեան,
Կասկածէ վեր է, որ Ուաշինկթըն կամ աշխարհի որեւէ մայրաքաղաք, այլեւս հայ գործիչներու, Հայ Դատի ջատագովներու գերակշիռ ներկայութեամբ վարուող պայքարի դաշտ չէ, եւ որ ազերի-թրքական միացեալ սփիւռքը, օրէ օր աւելի կազմակերպուած ուժերով, ամէն վայրկեան պիտի խոչընդոտէ յանուն արդարութեան, յանուն պատմական իրաւունքի տարուող աշխատանքները:
Այսուհանդերձ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անցեալ Չորեքշաբթի օրուան հարուածային քայլը յոյս կը ներշնչէ, որ նոր իրավիճակին պարզած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կամք ու կարողութիւն ունի այս կազմակերպութիւնը:
Այդ կամքն ու կարողութիւնը անշուշտ կը սնանի մեր համայնքի զաւակներու նուիրումով, անոնց անսակարկ նեցուկով:
Պայքարը կը շարունակուի: