ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա վերջերս Օշին Յարութիւնեանը նշանակեց

Հիւսիսային Հովիտի շրջանի Ծրագրաւորման յանձնաժողովի անդամ: Երեքշաբթի, Յուլիս 26ին, Քաղաքային խորհուրդը հաստատեց սոյն նշանակումը:
«Ճարտարագէտ եւ Հովիտի շրջանին մէջ գործարար Օշինը, իրեն հետ կը բերէ տեսչութեան տարիներու փորձառութիւն եւ քաղաքէն ներս շինարարական մարզին մէջ հարուստ գիտութիւն: Անոր առեւտրական սրամտութիւնը եւ գիտարուեստական փորձառութիւնը շատ կարեւոր արժէքներ պիտի ըլլան Հիւսիսային Հովիտի շրջանի Ծրագրաւորման յանձնաժողովին համար», յայտնեց քաղաքապետ Վիարայկոսա:
Յարութիւնեան հիմնադիրն ու գործադիր տնօրէնն է «Փրիմեքս» Դարմանական տարրալուծարաններու ընկերութեան (Primex Clinical Laboratories, Inc.)՝ դարմանական ախտաճանաչման տարրալուծարան մը, որ հաստատուած է Վեն Նայսի մէջ: 1996ին անոր հիմնադրութենէն ի վեր, «Փրիմեքս»ը 5 հոգինոց փոքր գործառնութիւնը վերածուեցաւ համերկրային ընկերութեան մը՝ աւելի քան 200 պաշտօնեաներով:
Նախքան «Փրիմեքս»ի հիմնումը, Օշին Յարութիւնեան աշխատած է Պեվըրլի Հիլզ քաղաքին համար, իբրեւ յատակագիծերու վերաքննման աւագ ճարտարագէտ: Նախքան այդ, ան ծառայած է իբրեւ յատակագիծերու ստուգման ճարտարագէտ՝ Լոս Անճելըս քաղաքին, ուր շինարարական ծրագիրներու արտօնագիրներ շնորհելու պատասխանատուն էր եւ վերանայած՝ շէնքերու յատակագիծերու կառուցուածքի ապահովութիւնն ու քաղաքի գօտիաւորման (zoning) համապատասխանելիութեան պահանջները: Ան օգտակար եղած է «Ուեսթ Վելի Փըրմիթ Աֆիս»ի հիմնադրութեան, 1994ի Նորթրիճի երկրաշարժի ժամանակաշրջանին, բնակիչներուն վերակառուցման արտօնագիրներու պահանջքները դիւրացնելու համար:
Օշին Յարութիւնեան կը պահպանէ ուժեղ կապեր հայ համայնքին հետ: Ան ՀՄԸՄի վարչութեան անդամ է եւ 1992էն 2005 եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ: Օշին Յարութիւնեան Քալիֆորնիոյ նահանգի գրանցուած եւ արտօնագիր կրող մասնագէտ ճարտարագէտ է: Ան իր քաղաքացիական ճարտարագիտութեան պսակաւոր գիտութեանց եւ մագիստրոսի վկայականները ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն (USC):