ՊԱՔՈՒ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ պաշտօնական այցով երէկ ժամանած է Պաքու, Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ յայտարարած է, թէ Հայաստանի նախագահը պէտք է ներողութիւն խնդրէ Արեւմտեան Հայաստանի մասին օրեր առաջ, Ծակաձորի մէջ, կատարած իր յայտարարութեան համար:
Էրտողան, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, խստօրէն դատապարտած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի դիրքորոշումը՝ զայն նկատելով «պետական գործիչի, առաւել եւս՝ նախագահի ոչ վայել պահուածք», եւ յայտնած է, թէ այդ արտայայտութեան համար անհրաժեշտ է ներողութիւն խնդրել: