ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի առաջարկով յետաձգած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին վրայ Ճոն Հեֆերնի թեկնածութեան հաստատումը։
Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէ, որ ծերակուտականները Հեֆերնի թեկնածութիւնը քննելու եւ անոր պատրաստ ըլլալուն մասին յստակ պատկերացում ունենալու համար, տակաւին ժամանակի կը կարօտին։
Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան այդ կապակցութեամբ կը յայտնէ. «Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծերակուտական Մենենտեզին եւ անոր գործընկերներուն, Հեֆերնի թեկնածութիւնը առաւել քննելու առթիւ։ Հայաստան միշտ խնդիր ունի հարեւան Թուրքիոյ հետ, որովհետեւ վերջինս Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ ժխտողական քաղաքականութիւն կը վարէ»։