ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի Պետական քարիւղի ընկերութիւնը իր բաժնետոմսերու 47 տոկոսը (21 միլիառ տոլար) կը պահէ ԱՄՆի մէջ եւ, եթէ Քոնկեսը չկարենայ օրինական լուծում տալ երկրի պատքը՝ աւելցնելու հարցին, ապա այդ փոխառութիւններուն արժէքը խիստ պիտի իյնայ: Այս մասին «Ենի Մուսավա»չի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ատրպէյճանցի տնտեսագէտ-փորձագէտ Վիւկար Պայրամով:
«Չի բացառուիր, որ Օգոստոս 2ի քննարկումներուն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներ յայտարարէ իր տնտեսութեան թերութեան մասին, որուն հետեւանքները աղիտալի պիտի ըլլան շատ երկիրներու՝ ներառեալ նաեւ Ատրպէյճանի համար», ըսած է ան:
Նշելով, որ տնտեսական թերութիւնը Ատրպէյճանի տնտեսութեան վրայ բացասական ազդեցութիւն պիտի ձգէ երեք ուղղութիւններով՝ Վ. Պայրամով ըսած է, որ նման պարագաներու, Ատրպէյճանի Պետական քարիւղային հիմնադրամի արժեթուղթերու արժեզրկման հետ, պիտի արժեզրկուի նաեւ տոլարը: «Արժեղթուղթերուն 70 տոկոսը ամերիկեան դրամատուներուն մէջ տոլարով կը պահուի, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանի 21 միլիառ տոլար խնայողութիւններուն արժէքը հարցականի տակ պիտի մնայ: Թերութենէն ետք յառաջացած ճգնաժամին ժամանակ, քարիւղի պահանջարկը եւ արժէքը պիտի իյնան։ Իսկ այս մէկը Ատրպէյճանի տնտեսութեան համար, որուն արտածման 92 տոկոսը քարիւղն ու քարիւղի մթերքները կը հանդիսանան, պետական պիւտճէի 75 տոկոսը քարիւղէն ստացուող եկամուտները կը կազմեն, իսկ Համախառն ներքին արտադրութեան (ՀՆԱ) 68 տոկոսը քարիւղի արտածումէն կը ձեւաւորուի, ոչ մէկ լաւ բան կը խոստանայ», կը կանխատեսէ ատրպէյճանցի փորձագէտը: