
ՊՈԼԻՍ, «Նիուզ».- Յուլիս 29ին տեղի պիտի ունենար հայազգի զինուորական ծառայող Սեւակ Շահին Պալըքչըի սպանութեան գործով առաջին դատական նիստը: Այս մասին տեղեկացուցած են թրքական լրատուամիջոցները։
Տիարպեքիրի ռազմական դատախազութիւնը կը պահանջէ, որ զինուորական ծառայող Քըւանչ Աղաօղլուն, որ կը մեղադրուի Սեւակի սպանութեան համար՝ «Անզգոյշ սպանութիւն» յօդուածով, դատապարտուի մինչեւ ինը տարուան բանտարկութեան: Իսկ հայ զինուորին ընտանիքի փաստաբան Իսմայիլ Ճեմ Հալաւուրթ, դատական նիստին պիտի պահանջէ Աղաօղլուն դատապարտել «Կանխամտածուած սպանութեան» համար:
Յիշեցնենք, որ Սեւակ Շահին Պալըքչը սպաննուեցաւ ընթացիկ տարուան Ապրիլ 24ին, Պաթմանի Քոզլուք շրջանի զօրամասին մէջ: Ըստ պաշտօնական վարկածին, ան մահացած է իր ծառայակիցի ինգնաձիգէն պատահաբար արձակուած գնդակով: Սակայն, աւելի ուշ, մամուլով յայտնուած էին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, Պալըքչը ծառայութեան ընթացքին ծեծի ենթարկուած է իր հրամանատարին կողմէ: Զօրամասին մէջ նոյնիսկ սպառնացած են այրել զինք:
Հետաքննութեան ընթացքին նաեւ պարզուած է, որ հայ զինուորը սպաննած Քըւանչ Աղաօղլու տարուած է ազգայնական գաղափարներով, որուն մասին կը վկայեն «Facebook» հասարակական ցանցին վրայ անոր զետեղած ազգայնական բովանդակութեամբ հրապարակումները:
Նշենք, որ Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միութեան ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովը, Սեւակի սպանութեան առնչութեամբ հայց ներկայացուցած է դատարան՝ ընդդէմ Թուրքիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի: