ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ձեռնարկած է արշաւի մը, որուն նպատակն է ամերիկահայ քաղաքացիները մղել, որ իրենց շրջանը ներկայացնող ծերակուտականներուն միջոցաւ

հարցապնդեն Թուրքիոյ մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէն՝ պարզելու համար անոր կեցուածքները շարք մը կարեւոր հարցերու վերաբերեալ:
Ռիքարտոնէ անցեալ տարուան վերջաւորութեան, Քոնկրեսի արձակուրդի օրերուն, նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նշանակուած էր Անգարայի մօտ ԱՄՆի դեսպան, հակառակ անոր, որ Ծերակոյտին մէջ անոր նշանակման ընդդիմութիւն կար՝ յատկապէս ծերակուտական Սեն Պրաունպաքի կողմէ, որ իր իրաւունքներէն օգտուելով՝ կանգնեցուցած էր նշանակման գործընթացը:
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը յառաջիկայ Երեքշաբթի օր պիտի սկսի քննարկելու Ռիքարտոնէի նշանակման հարցը: Նիստի ընթացքին ծերակուտականները պիտի հարցապնդեն թեկնածուն՝ քաղաքական խնդիրներու վերաբերեալ իր կեցուածքները ճշդելու համար: Հայ Դատի յանձնախումբին համար, անշուշտ, կարեւոր է պարզել Ռիքարտոնէի դիրքորոշումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններու, Ուաշինկթըն-Անգարա եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու վերաբերեալ: