ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի յանձնարարութեամբ, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան շահագրգիռ կողմերուն մասնակցութեամբ քննարկումներ կ՛ընթանան հայկական շարժապատկերի զարգացման հիմնախնդիրներու, հայեցակարգային դրոյթներու եւ ոլորտին առնչուող իրաւական ու տնտեսական հարցերու շուրջ: Քննարկումներուն կը մասնակցին շարժապատկերի բնագաւառին մէջ գործող պետական, մասնաւոր ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Արդէն կայացած է երկու քննարկում, որոնց ընթացքին եղած են բազմաբնոյթ առաջարկներ: Նախարարին կից գործող խորհուրդը եւ աշխատանքային խումբը կ՛ուսումնասիրէ բոլոր առաջարկները: Յառաջիկային նախատեսուած հերթական նիստին անոնք պիտի քննարկուին, ամփոփուին եւ հիմնաւորուելու պարագային՝ ներառուին հայկական շարժապատկերի հիմնախնդիրներն ու զարգացման մեքենականութիւնները նախանշող փաստաթուղթի նախագիծին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.