ՍԻՍԻԱՆ.- Նիկողայոս Ադոնցի անուան Սիսիանի պատմութեան թանգարանին մէջ ցուցադրութեան դրուած են 1918-1921ի Զանգեզուրի գոյամարտի մասին պատմող լուսանկարներ եւ նիւթեր՝ գոյամարտի

հրամանատար Պօղոս Տէր Դաւթեանի, Վահան Խորէնի, Զախար տէր Ղազարեանի, Նժդեհի մասին, նաեւ գոյամարտին մասնակից այլ զինուորներու լուսանկարներ:
«Դրանք իրականում եզակի ցուցանմոյշներ են, որովհետեւ անցած 80 տարիներին դրանք անխնայ ոչնչացուել են, շատ քիչ նիւթեր են պահուել, որոնք հիմա շատ դժուար է վերականգնելը: Մարդիկ վախից թաքցրել են, նոյնիսկ յիշողութիւններն են ոչնչացրել, որ պատահմամբ այդ մասին չխօսեն», կ՛ըսէ նոյն թանգարանի տնօրէն Ծովինար Պետրոսեան:
Այս տարի կը լրանայ Զանգեզուրի գոյամարտի 90ամեակը: Այդ կապակցութեամբ «Ն. Ադոնց» Սիսիանի պատմութեան թանգարանը նախաձեռնած է շարք մը ձեռնարկներու:
1918-21ին Սիսիանը մեծ ներդրում ունեցած է գոյամարտին մէջ. այդ ժամանակ իր քաջութեամբ ու բանիմացութեամբ ուշադրութիւն գրաւած հրամանատար Պօղոս Տէր Դաւթեանի յիշատակը վառ պահելու նպատակով, յառաջիկային ուխտագնացութիւն պիտի կազմակերպուի դէպի անոր գերեզմանը, որ կը գտնուի Կապանի Վերին Խոտանան գիւղին մէջ: