ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հիւանդանոցի խորհրդատուն յանկարծ սենեակ մտնելով, մէկ շաբաթէ աւելի մահաքունի անցած հիւանդին

մահիճը շրջապատող յոգնած եւ ուժասպառ հարազատները ցած ձայնով ու քաղաքավարօրէն հրաւիրեց այդ հսկայ հիւանդանոցին առաջին յարկին վրայ գտնուող փոքր սենեակը, որուն «չափըլ»-մատուր անունը կու տային:
Այս մէկը եթէ նորութիւն մըն էր հայ խմբակին համար, ապա հիւանդանոցի պատասխանատուներուն համար յստակ էր, թէ բժիշկներու յամառ եւ անյոյս ճիգերէն ու բազմատեսակ փորձերէն ետք, այլեւս այդ մահ ըսուած ճիւաղը, հիւանդին սենեակի դրան շեմին նստած՝ անհամբեր մահամերձին կը սպասէր:
Վայրկեանին՝ զաւակներ, քոյր եւ եղբայր, ո՛չ մէկը հասկցաւ, որ այս հիւանդ կնոջ ապրելու կամ ապրեցնելու յոյսերուն ձախողութեան արդիւնքն էր այս հրաւէրը: Անոնք նոյնիսկ չէին կրնար գուշակել, թէ կարճ ժամանակ մը ետք կեանքը պիտի շարունակուէր հիւանդէն անջատ ու իր սենեակի պատերէն դուրս միայն:
Ուստի բոլորը՝ գրեթէ սարսափած՝ հնազանդեցան: Միայն սենեակէն դուրս գալու պահուն, բնազդաբար բոլորն ալ անգամ մը եւս հայեացք նետեցին անկողինին վրայ անզգայ պառկած, քիթէն ու բերանէն ելեկտրական գործիքներու հոսանքին միջոցով շնչող ու ցարդ ողջ մնացող իրենց հիւանդ հարազատին վրայ:
Խեղճ այրի կինը, որ ամէն օր եւ ամէն վայրկեան ամէն հանդիպողի իր նուիրած յոյսի մաղթանքներուն խառնուած ժպիտներ ունէր, անցնող քանի մը ամիսներուն անօրինակ ու անժամանակ հիւանդութեան մը ճանկերուն մէջ բռնուելով՝ հիմա մահամերձ վիճակի հասած է, անյոյս եւ անօգնական:
Նոյն այս կնոջ ձեռքերը ահագին ցաւեր շոյած էին: Ժամանակին մանկապարտէզի շատ սիրուած ուսուցչուհիներէն մէկը եղած էր ան: Իր աշակերտները, նոյնիսկ մեծնալէ ետք, մեծ յարգանքով կը յիշէին զինք: Անոնց հոգիները, անսակարկ հարազատութեամբ մը մշակած էր ու նոյն ձեւով ալ յղկած՝ միտքերը, ջերմ շունչով եւ պատկերաւոր մտածողութեամբ:
Կեանքին մէջ ակնկալութիւն չճանչցող այս դժբախտ հայուհին, միշտ իր աչքերուն մէջ ամբողջ իր հոգին բռնած էր. այն հոգին, որ իր սեւեռուն հայեացքին տակ պարզ ու զուարթախոհ լեզուով իր հայելին դարձած էր:
Նայուածքին մէջ միշտ պահելով կեանքի սէրը՝ հիմա այս վայրկեանին, երեսին վրայ միայն արիւնլուայ գանկ եւ աչքեր մնացած էին այդ կեանքէն: Ինք, որ տարիներ շարունակ միակ ճամբորդը եղած էր իր բոլոր երազներուն, իսկապէս որ իր ներքին «կրակը» չհասկցող կնոջ մը նման, հիմա շատ խղճալի վիճակ մը ստանալով՝ ուրիշ տեսակի «ճամբորդ» մը դարձած էր:
Բազմատեսակ ելեկտրական գործիքներու աղմուկով լեցուն այդ սենեակի մթնոլորտին մէջ, այդ պահուն կեանքի բոլոր լաւ եւ իրաւ իմաստներուն դառն հեգնանքը միայն կը սաւառնէր, որուն իբրեւ արդար հետեւանք, իր հարազատներուն կարմրած, ուռած, յոգնած, խոնաւ ու միշտ թաց աչքերուն առջեւ, հիմա աշխարհն ու այս Աստուածային պարգեւ ըսուած՝ կեանքը, իրենց արժէքը կորսնցուցած էին, հաստատապէս:
Յոյս, լաւատեսութիւն, հաւատք եւ անմեղ ցանկութիւն արդէն շատոնց ցնդած ըլլալ կը թուէին: Սակայն ոչ ոք փորձած էր ընդունիլ իրականութիւնը եւ անոր՝ այս պարագային՝ անգութ կերպարը:
Յոգնատանջ խմբակը իջաւ ցած եւ ուղղակի մատուր առաջնորդուեցաւ: Այդ փոքր սենեակին մէջ, բոլորն ալ անզգալաբար եւ արագ մը մտովի աղօթեցին ու երկինքի մեծ ու փոքր, յայտնի ու անյայտ, բոլոր ազգերու սուրբերէն գութ խնդրեցին՝ անձայն, նոյնքան ալ պաղատագին:
Նոյնիսկ յոյսի բառեր փորձեցին փնտռել նիհար խորհրդատուին բերանէն ցած ու հանդարտ ձայնով դուրս թափող, սիրտ բզկտող բառերով շաղախուած բացատրութիւններուն մէջ:
– Շատ փորձեցինք,- խօսեցաւ ճերմակ հագուստով Գաբրիէլ հրեշտակի կերպարը յիշեցնող հիւանդապահուհին,- ճիշդ էր, որ ձեր հիւանդը օրերէ ի վեր մահաքունի մէջ էր, սակայն միեւնոյն ատեն փորձեցինք արեան դէպի ուղեղ գացող երակին ներքին հոսքը կասեցնել: Չյաջողեցանք՝ դժբախտաբար: Այժմ զինք վերստին արթնցնելու ոչ մէկ յոյս ունինք: Հիւանդին ուղեղը «մեռած» է, անոր հետ նաեւ՝ իր բոլոր զգայարանները: Պատկերը յստակ է: Իր ներկայ վիճակին վերջ տալու պարտականութիւնը ձեզի կ՛իյնայ: Նախապատուութիւնը՝ անշուշտ իր զաւակներուն: Հարց մը չէ. ելեկտրական հոսանքի այդ սեւ ու հաստ թելը պէտք է ձեզմէ մէկը իր տեղէն անջատէ, եւ վերջ: Կը ցաւիմ այս բոլորին համար: Իմ պարտականութիւնն է ձեզ տեղեակ պահել վերջին իրավիճակին մասին: Ցաւակցութիւններս: Ձեր գրաւոր պատասխանին կը սպասեմ: Աստուած ձեզ բոլորդ օրհնէ:
Այսչափ միայն:
Ասկէ աւելի ի՛նչ կարելի է փոխանցել:
Վայրկեանին քանի մը նստարաններով խճողուած եւ բազմաթիւ ու տեսակաւոր մոմերով լուսաւորուած այդ նեղ ու երկար մատուրին մէջ, անհուն ու ցաւագին յուզում մը փաթթեց հարազատներու սիրտերն ու միտքերը, որուն արդիւնքով, խոր հեծկլտուքի ձայներով յանկարծ լեցուեցաւ այդ անիծեալ սենեակը:
Բոլորը, ինքնաբերաբար, նախ իրարու երես նայեցան՝ իրարմէ գութ եւ մխիթարութիւն խնդրողի ու պաղատողի նայուածքներով, ու սկսան անիմաստ բառերու հեղեղ մը թափելու իրենց լալագին բերաններէն:
Բացայայտ էր, թէ հասած էր կեանքի իրապաշտ պահը: Փախուստ չկար:
Հիմա մատուրէն ներս հին ու նոր, անուշ եւ լեղի յիշատակներ, իրենց անկանոն շարքերով ոտքի ելած էին: Յանկարծ սենեակին դուռը կրկին անգամ բացուեցաւ: Փոքր շիշերով խմելու ջուր եւ քանի մը տուփ թաշկինակ հրամցուեցաւ:
Մարդկային մխիթարութեան ամէնէն աժան մէկ ձեւը:
Բայց իրականութիւնը այն էր, թէ բոլորին համար երկար ու յոգնած օրերէ ետք, կեանքը իր համը փախցուցած էր: Բոլորին մօտ լուռ մեղանչում մը կար, որովհետեւ իրենց համար երկինքի բոլոր սուրբերը մէկական կոյրեր, խուլեր եւ համրներ էին դարձած, որովհետեւ անոնք ալ չէին լսած ու տեսած իրենց աղերսանքներուն հետ վառուող մոմերուն բոցերը ու նաեւ տեսակաւոր աղօթքները:
Հաստատապէս երկինքը չէր հասկցած այն կրակը, որ հիմա այս սենեակէն ներս կը վառէր ու միաժամանակ կ՛այրէր ամէն ազնիւ բառ եւ հաւատք: Մութ եղած էր բոլորին հոգիներէն ներս: Մշուշ մը բռնած էր իրենց գիտակցութիւնը:
Վերջապէս մատրան մէջ, ամէնէն «յանդուգնին»՝ մահամերձին քրոջ ձայնը լսուեցաւ: Հասած էր իրատես պահը ու մանաւանդ ժամանակի գիտակցութիւնը:
Այսպէս, նախ կամաց-կամաց անոր բառերը իրենց լռութենէն զատուեցան: Թէեւ առաջին իսկ վայրկեանին անոնք յամառօրէն կեցած էին իր կոկորդը, սակայն դողացող մատներով ջուրի շիշէն խմած ումպը՝ տուած էր փրկարար արդիւնքը:
Քոյրը, կրկին անգամ բարձրաձայն լացաւ՝ յուզումէն: Իր արցունքները այլեւս իմաստ առած էին: Ապա ինքզինք փորձեց զսպել եւ իր աղաչական հայեացքը երկինքէն ու բեմը զարդարող փրկիչի մեծադիր ու լուսաւոր նկարէն վար իջեցնելով՝ կեդրոնացուց իր հարազատներուն վրայ, որոնք ոչ միայն շշմած, այլ կարծես կայծակնահար ալ եղած էին ու խորասուզուած՝ անհուն մտածումներու եւ անժամանակ երազանքի մէջ:
Ան հանդարտ անկեղծութեամբ մը կցկտուր բառերով պարզեց եղելութիւնը եւ կարծիք ուզեց:
Ո՞վ պիտի յանդգնէր իր այրի մօր կամ քրոջ նոյնիսկ նման անյոյս վիճակ-կեանքին վերջ տալ: Ո՛չ ոք: Ո՛չ մէկը:
Քոյրը շեշտած էր նաեւ այս նոր բաժանումին վճռական եւ անվերադարձ բնոյթը: Սփոփիչ հաստատում չկար: Վերջապէս, յոյսի մշտահոս աղբիւրը ցամքած էր:
Ահա դժբախտութիւնը:
Սենեակը լռած էր: Կեանքը այնքան ուժեղ էր, որ մահուան գիտակցելու առիթ չէր տուած: Անոր համար հիմա բոլորին ուղեղները սառած էին:
Մերձաւորի մը մահը խոր ըմբռնել կու տայ մահուան իմաստը: Դժուար էր կշռել տարողութիւնը նոր կորուստին: Սենակին լռութիւնը երկար տեւեց: Երկար եւ չար: Յանկարծ ներքին մղումի թելադրանքով հարազատները իրարու փաթթուեցան: Երկարօրէն զիրար գրկնդխառն՝ ամուր պահեցին, ու բնազդաբար միասին «Հայր Մեր» մը սկսան՝ բարձրաձայն, նոյնքան ալ լալագին:
Դաւաճանութիւն համարուած ելեկտրական հոսանքին կասեցումը ձգած էին բժիշկի արհեստավարժ մատներուն:
Վերջաւորութեան, հիւանդանոցէն դուրս եկան՝ ողբերգական բաժանումէ մը ետք: Ելան դուրս, իւրաքանչիւրը անհաղորդ ու փակուած աշխարհով, ընկճուած գոյութեամբ մը ողբալով իր մեծ կորուստը:
Արեւն ալ կարծես իր գոյնին մէջ բաներ մը փոխած էր: Սակայն՝ որո՞ւ հոգը, երբ իրենց մօտ մահուան բոցը արդէն այրած էր ամէն երազ:
Մահը ըմբռնել դժուար էր: Հապա անոր ներկայութեան հաշտուի՞լը:
Մէկ բան յստակ էր, որ իրենց հարազատին կեանքը այլեւս պիտի չվերադառնար:
Shnorhagaloutioun ays hotvadzin hamar, Shahaspure mangoutian ungerouhis er. Khorabes ge tsavim mezme aysbes heranaloun hamar. Tsavagtsoutiounners Valenine-in, Armenin, Jayr-in yev Shant-in .