ՊԱՔՈՒ, «Սլաք».- Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան տարածքին տեղակայուած ատրպեճանական բանակի զօրամասերէն մէկուն զինուոր Սամետտին Կուլիեւ, պաշտօնական վարկածով մահացած է «արեւահարութենէ»: Զինուորին մահուան փաստը հաստատած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան պետի տեղակալ Թէյմուր Ապտուլլաեւը: 21ամեայ Ս. Կուլիեւ, ատրպեճանական բանակին շարքերը զինակոչուած է 2011ին, Նախիջեւանի Բաբեքի շրջանէն:
Նշենք, որ ընթացիկ տարին, Ատրպէյճանի ՊՆը հաստատած է կորուստը իր 59 զինուորական ծառայողներուն, որոնցմէ նուազագոյնը 17ն սպաննուած է իր ծառայակից ընկերներուն կողմէ, 11ը՝ մահացած ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով, 9ն՝ ինքնասպանութիւն գործած, 7ն՝ մահացած հիւանդութեամբ, 2ը՝ թունաւորուած կազէն, 2ը՝ մնացած ձնահոսքի տակ եւ այլն: Միեւնոյն ժամանակ, փորձագէտներուն կարծիքով, ատրպեճանական բանակին իրական կորուստներուն թիւը զգալիօրէն աւելի բարձր է քան ՊՆի կողմէ հրապարակուածներունը: